Հայկական լեռնաշխարհի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան կեդրոնը ահազանգ կը հնչեցնէ.
«Ազերպայճանի պետական վարչակազմը կը շարունակէ իւրացնել Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը։ Այդ երկրի իշխանութիւններու թիրախին յայտնուած է այս անգամ ալ “Մե՛նք ենք մեր սարերը” յուշարձանը, որ ազերպայճանական կայքերը կը ներկայացնեն իբրեւ “ազերպայճանական մշակութային ժառանգութիւն”։
Կարմիր տուֆէ պատրաստուած յուշարձանը Արցախի մէջ տեղադրուած է 1967-ին։ Քանդակագործն է Սարգիս Բաղդասարեան, ճարտարապետը՝ Եուրի Յակոբեան»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։