Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Տաւուշի մէջ ընթացող սահմանազատումէն դժգոհ քաղաքացիները ճամբաներ կը փակեն

Երեւան-Գիւմրի կառուղին, Ապրիլ 28-ին

Տաւուշի շրջանին մէջ, հայ-ազերպայճանական սահմանի զատման քանի մը օր առաջ սկսած գործընթացը մտահոգութեան եւ դժգոհութեան բուռն ալիք մը յառաջացուցած է Հայաստանի մէջ։ 

Դժգոհ քաղաքացիները քանի մը օրէ ի վեր զանազան բնոյթի բողոքի ցոյցեր կը կատարեն, թէ՛ սահմանի տուեալ հատուածին, թէ՛ ալ Հայաստանի այլ շրջաններուն, ներառեալ՝ Երեւանի մէջ, կը փակեն զանազան ճամբաներ։

Այսպէս, անոնք Ապրիլ 28-ին փակած են  Երեւան-Գիւմրի կառուղին։ Այս մասին կը յայտնէ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումի դիմագիրքեան էջը։

Ապրիլ 27-էն 28-ի գիշերը փակուած է նաեւ Մարտունի-Վարդենիս կառուղին։ Շարժումին մասնակիցները Երեւանի փողոցները տեղադրած են Տաւուշի մէջ տեղադրուած սահմանազատման սիւներու մանրակերտեր, նշելով՝ «այս ընթացքով միակողմանի զիջումները կը հասնեն նաեւ մայրաքաղաք»։

Ապրիլ 28-ի յետմիջօրէին ալ փակուած է Վայք-Եղէգնաձոր ճամբան։

 

Հակադիր տեսակէտներ ժողովուրդի որոշ շրջանակներու եւ իշխանութեանց միջեւ

Սահմանազատման գործընթացէն դժգոհ քաղաքացիները կը նշեն, որ միակողմանի զիջումներ կը կատարուին, անվտանգութեան լուրջ խնդիրներ կը ստեղծուին, մինչ երկրին իշխանութիւններն ալ կը յայտարարեն, որ այսպէսով կը նուազին անվտանգութեան սպառնալիքները։ Արդարեւ, վարչապետ Փաշինեան յոյս յայտնած էր, որ սահմանազատման գործընթացով Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը կը վերականգնուի։ «Հայաստանի եւ Ազերպայճանի սահմանին տեղադրուած սիւները ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան անկիւնաքարերն են»,– շեշտած էր ան։

Ապրիլ 19-ին Երեւան ու Պաքու յայտարարեցին, թէ «նախնական համաձայնութեան յանգած են»՝ Տաւուշ-Ղազախ սահմանի որոշ հատուածներ համապատասխանեցնելու «Խորհրդային Միութեան փլուզման պահուն գոյութիւն ունեցող միջհանրապետական սահմանին»։

Ըստ այդմ, հայկական կողմը ետ կը քաշուի Բաղանիս-Այրում, Աշաղը Ասկիպարա, Խեյրիմլի ու Ղըզըլհաջիլի գիւղերէն։

Գործընթացը առայժմ չի վերաբերիր Բերքաբերի դիմաց գտնուող հայկական տարածքներուն, որոնք Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ կը գտնուին եւ Ոսկեպարի յարակից միջպետական ճամբու հատուածին, որ դեռ կը մնայ հայկական վերահսկողութեան տակ:

Ցայժմ յայտարարուած է Հայաստան – Ազերպայճան սահմանին ընդհանուր առմամբ 28 սահմանային սիւնի տեղադրման մասին: