Անուանի սոփրանօ Անոյշ Յովհաննիսեանի եւ երգիչ-դաշնակահար Սեմ Ճիւիսընի վերոգրեալ խորագրով համերգը տեղի ունեցաւ Լոնտոնի՝ «Ազատական Կուսակցութեան Տէյվիտ Լոյտ Ճորճ սրահ»-ին մէջ, որ կը գտնուի Թամիս գետի եզերքին։ Տ․ Լ․ Ճորճ եղած է Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետը 1916-1922 թուականներուն։ Ան եղած է բարձրագոյն պաշտօնի վրայ գտնուող առաջին ոչ-հայ անձերէն մէկը, որ ճանչցած է ամբողջ հայ ցեղին տեղահանութիւնն ու բնաջնջումը Երիտթուրքերու կողմէ։
Նախախնամական զուգադիպութեամբ մը նստած էի Տ․ Լ․ Ճորճի անունը կրող, տախտակէ քանդակներով այս գեղեցիկ սրահին մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցէն շաբաթ մը առաջ։
Համերգը նուիրուած էր ամերիկեան երաժշտութեան «ոսկեշրջանին», մեծարանքի արտայայտութիւն մը՝ երաժշտական թատրոնի նորահնար վարպետներուն, որոնք ի մի հաւաքեցին օփերայի եւ օփերեթի, ինչպէս նաեւ ժողովրդական երաժշտութեան եւ ճազի աւանդութիւնները։
Կրկնելով Արքայական օփերային մէջ 2024 Յունուարին տեղի ունեցած նոյն համերգը, որուն տոմսերը ամբողջովին սպառած էին, համբաւաւոր սոփրանօ Անոյշ Յովհաննիսեան ու երգիչ-դաշնակահար Սեմ Ճիւիսըն առինքնեցին ունկնդիր հանդիսականները, բացառիկ երգեցողութեամբ ու մեկնաբանութեամբ կատարելով շարք մը երգահաններու, ինչպէս՝ Ռիչըրտ Ռոճըրզի, Լենըրտ Պըրնսթայնի, Էրիք Վոլֆկանկ Քորնկոլտի, Ճորճ Կերշուինի, Ֆրետերիք Լէօվի եւ Քոլ Փորթըրի սիրուած ստեղծագործութիւններէն։
Ինծի համար մենաշնորհ մըն էր գտնուիլ նման մտերիմ շրջապատի մը մէջ (շուրջ 120 ունկնդիր-հանդիսատեսներ ներկայ էին համերգին), Անոյշ Յովհանիսեանի եւ Սեմ Ճիւիթսընի որակով արուեստագէտներու հետ, որոնք կատարեցին մեներգեր եւ զուգերգեր։
Կարգ մը երգերու կատարման աւարտին, արուեստագէտները իրենց կարծիքը յայտնեցին, ինչպէս նաեւ հաղորդեցին հետաքրքրական տեղեկութիւններ անոնց մասին։
Անոյշ ներկաները զուարճացուց պատմելով Սեմի հետ իր առաջին հանդիպման մասին Իտալիոյ մէջ, քանի մը տարի առաջ։ Հանդիպումը տեղի ունեցած էր Լոնտոնի՝ Չելսիի ծաղկահանդէսին համապատասխան՝ իտալական ծաղկահանդէսի մը, ուր շատ մը կիներ, «այս սրահին մեծութեամբ» ծաղկազարդ գլխարկներ կը կրէին։
Այսօր, հասկնալի պատճառներով Անոյշ վախի մէջ էր, տրուած ըլլալով որ կամքէ անկախ պատճառներով՝ համերգէն առաջ Սեմն ու ինք չէին կրցած փորձ ընել։ Երգչուհիին անձկութիւնը աւելի եւս շեշտուեցաւ, երբ ան Սեմը տեսաւ․ “Հիմա Սեմը 12 տարեկան կ՚երեւի, իսկ այն ատեն 9 տարեկանի տեսք ունէր“, չարաճճի ծիծաղով մը դիտել տուաւ Անոյշ։
Անոյշ այն նախզգացումը ունէր, որ երեկոյթը աղէտալի վերջ մը պիտի ունենար․․․: Սեմ վստահեցուց երգչուհին, որ ինք փորձառու երգիչ-դաշնակահար մըն է, լրիւ գիտակից եւ կարող՝ դաշնակով ընկերակցելու երգչուհիին։
Դատելով արդիւքէն՝ Սեմ իրաւունք ունէր։ Երեկոյթը պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ․․․։ Անոյշ Յովհանիսեան եւ Սեմ Ճիւիսըն առինքնեցին ունկնդիր հանդիսականները։
Երբ Անոյշ Յովհաննիսեան պատմութիւն մը պատմէ կամ երգ մը երգէ՝ կը շլացնէ ունկնդիրը իր ջերմութեամբ եւ վաւերականութեամբ։ Ան կախարդիչ ներկայութիւն մը ունի, մասամբ անոր համար, որ միշտ կը մնայ հարազատ
իր կերպարին, երգեցողութեան ամբողջ ընթացքին, մասամբ ալ անոր համար՝ որ ան իր սիրտն ու հոգին կը դնէ իւրաքանչիւր կատարման մէջ։
Անոյշ, «Մենք սիրահարած ենք» երգը կատարեց յուզումով, թովչանքով եւ պահանջուած երգիծանքով։ Ան «Ուեսթ սայտ սթորի»-էն պատշգամի տեսարանը ներկայացուց յուզումով եւ կիրքով։ Անոր «Պալի Հայ» («Bali Ha՛i» – «South Pacific» ֆիլմէն-1958) երգի կատարումը կախարդիչ և խորհրդաւոր երանգ մը ունէր․․․։ Անոյշի կատարած միւս երգերը կը յորդէին հմայքով, ուրախութեամբ, ցաւով եւ վշտով, ըստ երաժշտութեան պահանջին։
Անոյշը բազմակողմանի յուզում եւ հոգեվիճակ ապրելու եւ զանոնք յօնքերու շարժումով մը, չարաճճի ժպիտով մը, ուսերու տարբեր դիրքաւորումով մը, շրջազգեստի ալիքաւորումով մը, խորունկ «ա՜խ»-ով մը, իրեն յատուկ քրքիջով մը իր ունկնդիրներուն հաղորդելու բացառիկ տաղանդով օժտուած արուեստագիտուհի մըն է։ Անոյշ մա՛նաւանդ կարող է ունկնդիրի մը սրտին դպչելու իր հարուստ, թաւշեայ, գունագեղ, կախարդիչ, բայց միշտ յուզիչ ձայնով։
ԿԱՐԻՆԷ ԿԻՒԶԵԼԵԱՆ
Լոնտոն, Ապրիլ 2024
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։