Search
Close this search box.

«Շարունակական զիջումները չեն կրնար զսպել ազերպայճանական ծաւալապաշտութիւնը»

Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի յայտարարութիւնը

«Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ Ազերպայճանի ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը, մասնաւորապէս` ներկայիս Տաւուշի մարզի նկատմամբ։ Ազերպայճանի անհիմն տարածքային պահանջները, այդ կարգին՝ Հայաստանի Տաւուշի մարզի եւ այսպէս կոչուած «կղզիացած տարածքներու» նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Սիւնիքի մարզով արտատարածքային երթեւեկութեան կապի վերաբերեալ, բացարձակապէս անընդունելի են։

Ազերպայճան, հրաժարելով ետ քաշելէ իր զինուած ուժերը 2021-էն ի վեր Հայաստանի աւելի քան 200 քառ․ քմ. ինքնիշխան տարածքէն, ճնշում կը բանեցնէ Հայաստանի վրայ՝ իր վերահսկողութեան տակ առնելու Տաւուշի մարզի ռազմավարական տարածքները։ Այսպէսով` այդ երկիրը «սահմանի զատման եւ սահման գծելու» քօղին տակ կ՚իրականացնէ հողազաւթում, որ ա՛լ աւելի կը խորացնէ Հայաստանի խոցելի վիճակը։

Եթէ Ազերպայճան վերահսկողութեան տակ առնէ Հայաստանի Տաւուշի մարզի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տարածքները, այդ մեծապէս վտանգի պիտի ենթարկէ Վրաստանի հետ Հայաստանի միջպետական կապը, Հայաստանի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող կազատարը եւ պիտի շրջափակէ շարք մը հայկական գիւղեր եւ անխուսափելիօրէն պիտի յանգեցնէ անոնց հայաթափման։ Բացի ատկէ, նոր իրավիճակը նաեւ վտանգի կ՚ենթարկէ Լոռիի մարզի ապահովութիւնը։

Հակառակ այս գործընթացին մէջ ներգրաււուելուն` Հայաստանի վարչապետը յայտարարած է, որ սա անվտանգութեան բացարձակ երաշխիքներ չի ստեղծեր Ազերպայճանի կողմէ հնարաւոր ապագայ յարձակման դէմ։ Այսպէսով` Հայաստանի իշխանութեան ներկայի գործողութիւնները, որոնք կ՚իրականացուին առանց տեւական եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու երաշխիքի, նոր զիջումներ են եւ կը հակասեն Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան։ Աւելին՝ այդ թոյլ կու տայ Ազերպայճանին աւելի լաւ դիրքերէ նոր յարձակում գործելու։

Մենք խորապէս համոզուած ենք, որ Ազերպայճանի յարձակողական կեցուածքը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ այդ երկիրը պատասխանատւութեան չէ ենթարկուած Արցախի մէջ իր ցեղասպան քաղաքականութեան, Արցախի բնիկ ժողովուրդի նկատմամբ գործադրած ցեղային զտման համար։

Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակը կոչ կ՚ուղղէ ներգրաւուած բոլոր հիմնական դերակատարներուն՝ ներառեալ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ), ԱՄՆ-ին եւ Ռուսաստանին, պատասխանատւութեան ենթարկելու Ազերպայճանի քարիւղային բռնապետութիւնը՝ Հայաստանի եւ հայութեան նկատմամբ իր վարած շարունակական ֆաշական քաղաքականութեան համար: Որպէս եւրոպական քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութիւն՝ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակը կ՚ափսոսայ, որ ԵՄ-ի գործադիր իշխանութիւնը երկակի չափանիշ կը ցուցաբերէ Ազերպայճանի բռնապետութեան նկատմամբ:

Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակը համոզուած է, որ Հայաստանի կողմէ շարունակական զիջումները չեն կրնար զսպել Ազերպայճանի ախորժակը։ Վերջինս կը շարունակէ քարոզել այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ազերպայճան»-ի գաղափարը, որ կ՚ենթադրէ Հայաստանի Հանրապետութեան գրեթէ ամբողջ տարածքի իւրացում։

Ազերպայճանի համար շօշափելի ուժի եւ հետեւանքներու վրայ հիմնուած միասնական եւ ամուր դիմադրութիւնը ներկայիս մի՛ակ գործօնն է, որ կրնայ զսպել այդ երկրի բռնապետութիւնը եւ անոր ծաւալապաշտական օրակարգը։

2024 Մայիս 3»