Ազերպայճան պետական մակարդակով կը շարունակէ ոչնչացնել բռնագրաւուած Արցախի մէջ գտնուող յանուն հայրենիքի նահատակուած հերոսներուն նուիրուած համալիրները։ Այս մասին ահազանգ կը հնչեցնէ «Հայք» մշակոյթի պաշտպանութեան միութեան ներկայացուցիչ, իրաւաբան Յովիկ Ավանէսով։
«Պաքուի քաղաքականութեան հերթական թիրախը դարձաւ Ստեփանակերտի հերոսներու պանթէոնը։ Սոյն տեղեկութիւնը տարածուած է ազերպայճանական թելեկրամ ալիքներով», նշած է ան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։