Search
Close this search box.

«Խաղաղութեան համար անհրաժեշտ են երկու կողմերէն ալ զիջումներ եւ ջանքեր» 

Ազգային ժողովի երեսփոխան եւ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Անն Լոռանս Փեթել  «X» ընկերային ցանցի իր հաշիւին հրապարակած թուիթին մէջ, ի պատասխան Ազերպայճանի Փարիզի դեսպան Լեյլա Ապտւլաեւայի հրապարակած մէկ այլ թուիթին՝ գրած է հետեւեալը.

«Խաղաղութեան համար անհրաժեշտ է երկու կողմերէն ալ զիջումներ եւ ջանքեր:

Երեք տարիէ ի վեր Ազերպայճան մահաբեր ռազմական ներխուժումներէ ետք քանի մը վայրերու մէջ գրաւած է հայկական տարածքներ։

Ազատագրեցէ՛ք հայկական տարածքները, եթէ իսկապէս խաղաղութիւն կ՚ուզէք»։

Արդարեւ, Ապտուլաեւա՝ յղում կատարելով Սեպասթիէն Պուսուայի՝ Մայիս 8-ին «Figaro Vox»-ի մէջ հրապարակուած յօդուածին, որ կը կրէր «Հայաստան-Ազերպայճան. իսկ եթէ խաղաղութեան համաձայնագիրը ձեռք բերուէր առանց միջազգային միջնորդութեան» խորագիրը, գրած էր հետեւեալը, «խաղաղապաշտութեամբ» տոգորուած ոգիով.

«Այժմ մենք պէտք է նայինք դէպի ապագայ եւ ներկայի համաձայնութիւններու առաջին արդիւնքներուն: Ապրիլի վերջաւորութեան Հայաստանի կողմէ ազերպայճանական չորս գիւղերու յանձնումը բանակցութիւններու շրջանակին մէջ, ապացոյցն է երկու երկիրներու խաղաղութեան ձգտելուն»։