Արբանեակային վերջին լուսանկարներէն կ՚երեւի, որ Ազերպայճանի ցեղասպան եւ մշակութակործան վարչախումբը հիմնայատակ ոչնչացուցած է Բերձորի Ս. Համբարձում եկեղեցին։ Սոյն տեղեկութիւնը հաղորդուած է «Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող» հիմնադրամի Դիմագիրքի էջին վրայ։
Նշենք, թէ եկեղեցւոյ հիմքը դրուած էր 1996-ին, իսկ օծումը կատարուած էր 1998 Մայիս 31-ին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։