Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Կիրանց գիւղին մէջ լարուած կացութիւն

 

Կիրանցիները փակած են ճամբան, երկու տուն եւ շարք մը հողամասեր պիտի անցնին Ազերպայճանին

Մայիս 16-ին, կիրանցիները փակած են Հայաստան-Վրաստան միջպետական ճանապարհի Կիրանցի հատուածը: Անոնք դժգոհ են նախորդ օր կայացուած սահմանի զատման որոշումէն:

Նոյն օրը, Տաւուշի որոշ պաշտօնատարներ գացած են Կիրանց փոխհատուցում առաջարկելու այն գիւղացիներուն, որոնց տունը կամ արօտավայրը պիտի յայտնուի Ազերպայճանի կողմը։ “Եկել, ասել են մի՛ անհանգստացէք, ձեր անվտանգութիւնը կ՚ապահովուի, իսկ էն մարդկանց, ում տունը կամ հողատարածքը մնալու է Ադրբեջանի տարածքում, փոխհատուցում կը տան ձեզ: Ժողովուրդը ո՛չ իրենց առաջարկած անվտանգութիւնն է ուզել, ո՛չ էլ փոխհատուցումը”,– ըսած է գիւղի բնակիչ Կարէն Ղազարեան՝ նշելով, թէ իրենց հասած տեղեկութիւններու համաձայն՝ երկու տուն եւ շարք մը հողատարածքներ պիտի յայտնուին Ազերպայճանի տիրապետութեան տակ։

Կիրանցի գիւղապետ Կամօ Շահինեան լրագրողներուն յայտնած է, թէ կը կանգնի իր գիւղացիներու կողքին։

Գիւղին մէջ լարուած կացութիւն կը տիրէր եւ գիւղացիները պատասխան կը պահանջէին իշխանութիւններէն։