Մայիս 14-ին, Ծերակոյտի մէջ մեծամասնութիւն կազմող «Հանրապետականներ» խմբակցութեան նախագահ, Արցախի տեղեկատուական խումբի նախագահ, ծերակուտական Պրիւնօ Ռըթայոյի եւ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ժիլպէր-Լիւք Տըվինազի նախաձեռնութեամբ, Ծերակոյտի յարկին տակ տեղի ունեցաւ «Համախմբում՝ Հայաստանի համար եւ յաջակցութիւն Արցախի տեղահանուած ժողովուրդին» խորագիրը կրող աշխատաժողով մը, նպատակ ունենալով ծաւալել քննարկումներ ֆրանսական դերակատար կառոյցներու կողմէ Հայաստան ապաստանած Արցախի բնակչութեան յատկացուող աջակցութեան ուղղութեամբ աշխատանքներու համակարգման շուրջ:
Ժողովին մասնակցեցան Հայաստանին ու Արցախէն տեղահանուածներուն աջակցութիւն ցուցաբերող ֆրանսական կառոյցներու, մասնաւորապէս Ծերակոյտի, Արտաքին գործոց նախարարութեան, Զարգացման գործակալութեան, ապակեդրոնացուած համագործակցութեան ու տարածքային միաւորներու, հիմնադրամներու ու հասարակական կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ ֆրանքեւհայկական ընկերակցութիւններու ներկայացուցիչներ:
Բացման խօսքերով հանդէս եկան Պրիւնօ Ռըթայօ եւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի՝ հեռավար կապով:
Այնուհետեւ կլոր-սեղաններու ձեւաչափով ընթացան քննարկումներ` Արցախէն տեղահանուածներու կեցութեան, առողջապահութեան, մասնագիտական կրթութեան ու համարկման հարցերուն վերաբերեալ:
Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան խօսեցաւ «Սատար Արցախին» ընկերակցութեան գործունէութեան մասին, որ կը կեդրոնանայ Արցախի բնակչութեան խնդիրներու հասցէագրման վրայ։
Աշխատաժողովին հրաւիրուած էր Արցախի Կրթութեան, գիտութեան եւ մարզանքի նախկին նախարար, «Մենք ենք մեր սարերը» հասարակական կազմակերպութեան ծրագրերու պատասխանատու Նարինէ Աղաբալեան, որ ներկայացուց Արցախէն տեղահանուածներու առաջնահերթ կարիքներն ու խնդիրները։
Աշխատաժողովը եզրափակուեցաւ դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեանի եւ Ժիլպէր-Լիւք Տըվինազի ելոյթներով:
Հայաստանի դեսպանը բարձր գնահատեց Ֆրանսայի կառավարութեան, պետական ու հասարակական կառոյցներու եւ ֆրանքեւհայկական ընկերակցութիւններու համախմբումն ու աջակցութիւնը՝ ի նպաստ Հայաստանին եւ Արցախի ժողովուրդին եւ ներկայացուց Արցախէն տեղահանուածներու կարիքներու յաղթահարման ուղղուած Հայաստանի կառավարութեան քայլերը:
Յաջորդ աշխատաժողովը տեղի պիտի ունենայ 2024 Հոկտեմբեր-Նոյեմբերին, որու քննարկումները պիտի յատկացուին մասնաւորապէս Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու երաշխաւորման հարցերուն:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։