Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Շառլ Ազնաւուրի 100-ամեակին նուիրուած ոսկէ յուշադրամ

Մայիս 20-ին, Հա­յաս­տա­նի Կեդ­րո­նական դրա­մատու­նը շրջա­նառու­թեան մէջ դրած է Շառլ Ազ­նա­ւու­րի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած ոս­կէ յու­շադրամ։ 

Յու­շադրա­մի երե­սին պատ­կե­րուած է Գիւմրիի մէջ Ազ­նա­ւու­րի յու­շարձա­նը (քան­դա­կագործ՝ Ս. Պետ­րո­սեան, ճար­տա­րապետ՝ Ա. Թար­խա­նեան, 2002), իսկ դար­ձե­րեսին՝ եր­գի­չին դի­ման­կա­րը, երաժշտա­կան նօ­թերով ոճա­ւորուած «100» թի­ւով, դաշ­նա­կի ստեղ­նե­րով եւ խօ­սափո­ղով միասին։ Նախագիծե­րու հե­ղինակ­ներն են՝ Վար­դան Վար­դա­նեան (երե­սը), Կա­րէն Մե­լիքեան (դար­ձե­րեսը):

Յու­շադրա­մը թո­ղար­կուած է ըն­դա­մէնը 500 օրի­նակով, 10.000 դրամ ար­ժէ­քով, Լե­հաս­տա­նի դրա­մահա­տարա­նին կողմէ։ ■