Search
Close this search box.

Զգուշանալ կտրուկ շրջադարձերէ

Մայիսի սկիզ­բէն ի վեր Հա­յաս­տա­նի մէջ սկիզբ առած ցոյ­ցե­րու եւ քա­ղաքա­ցիական անհնա­զան­դութեան գոր­ծո­ղու­թիւննե­րու ետին կայ խուլ պայ­քա­րը Հա­յաս­տա­նի ինքնիշ­խա­նու­թեան։ Բնա­կանա­բար, Հա­յաս­տան-Ռու­սաստան դա­րաւոր յա­րաբե­րու­թիւննե­րը, տնտե­սական ներ­դրումնե­րը, ռու­սա­կան ռազ­մա­կան ներ­կա­յու­թիւնը, Ռու­սաստա­նի մէջ բազ­մա­մարդ հայ հա­մայնքնե­րու գո­յու­թիւնը եւ անոնց Հա­յաս­տա­նի հետ տնտե­սական յա­րաբե­րու­թիւննե­րը ռու­սա­մէտ քա­ղաքա­ցիական խաւ մը ստեղ­ծած են, որուն սա­կայն այ­սօր կը հա­կառա­կի Հա­յաս­տա­նի մէջ քա­ղաքա­ցիական այլ եւ­րո­պամէտ խաւ մը, որ աւե­լի ստուարա­ցաւ, ուժ ստա­ցաւ Հա­յաս­տան-Ազեր­պայճա­ն հա­կամար­տութեան մէջ Ռու­սաստա­նի՝ իր դաշ­նակցա­յին պար­տա­ւորու­թիւննե­րը զլա­նալուն պատ­ճա­ռով։

Վրաս­տա­ն եւս, Հա­յաս­տա­նի նման ընտրու­թեան ընկրկու­մի մէջ է՝ Եւ­րո­պական Միու­թի՞ւն, թէ՞ Ռու­սաստան։ Ըստ երե­ւոյ­թին Թիֆ­լիս մայ­րա­քաղա­քի եւ կարգ մը մեծ քա­ղաքա­ներու բնակ­չութեան մե­ծամաս­նութեան ցան­կութիւ­նը կը բա­խի տնտե­սական շա­հերով եւ ռազ­մա­վարա­կան նկա­տառումնե­րով Ռու­սաստա­նին կա­պուած վեր­նա­խաւի մը, որուն գլխա­ւոր քա­ղաքա­կան ներ­կա­յացու­ցիչն է ռու­սա­մէտ օլի­կարխ Պի­ծինա Իվա­նիշ­վի­լիի հիմնած «Վրա­ցական երազ» կու­սակցու­թիւնը։

Վրաս­տան-Հա­յաս­տան բա­րիդրացիական յա­րաբե­րու­թիւննե­րը էա­կան նշա­նակու­թիւն ու­նին Հա­յաս­տա­նի հա­մար, որուն դէ­պի Սեւ ծո­վ ել­քը կը պայ­մա­նաւո­րուի հիւ­սի­սային սահ­մա­նին գտնուող դրա­ցի Վրաս­տա­նի Ռու­սաստան-Արեւ­մուտք հա­ւասա­րակշռուած քա­ղաքա­կանու­թե­ամբ։ Չմոռ­նանք որ ներ­կա­յիս ֆրան­սա­կան զի­նամ­թերքի փո­խադ­րութիւ­նը դէ­պի Հա­յաս­տան կը կա­տարուի Վրաս­տա­նի մի­ջոցաւ։ Իրադ­րութիւ­նը կրնայ փո­խուիլ, եթէ Վրաս­տան-Ռու­սաստան յա­րաբե­րու­թիւննե­րը վերստին լա­րուին։

Ար­դէն ամիս մըն է որ «Ար­տա­սահ­մա­նեան գոր­ծա­կալ­ներ»-ու օրի­նագի­ծը վրա­ցական ժո­ղովրդա­յին բուռն ընդդի­մու­թեան կը բա­խի։ Սա­կայն, եր­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով Խորհրդա­րանը կողմ քուէար­կեց ընդդի­մու­թեան կող­մէ «ռու­սա­կան օրէնք» որա­կուած այս օրի­նագի­ծին։ Եւ­րո­պական Միու­թիւնը որ Վրաս­տա­նը, Ուքրաինան եւ Մոլ­տաւիան ԵՄ-ի ան­դա­մու­թեան թեկ­նա­ծու հռչա­կած էր, զգու­շա­ցու­ցած է, որ այս օրի­նագի­ծի ըն­դունման պա­րագա­յին ԵՄ-ի ան­դա­մու­թեան դռնե­րը կը գո­ցուին Վրաս­տա­նի առջեւ։ Սա­կայն, հա­կառակ այս զգու­շա­ցու­մին Վրաս­տա­նի խորհրդա­րանը չէ հրա­ժարած խնդրոյ առար­կայ օրի­նագի­ծը վա­ւերաց­նե­լէ։ Բանն ին­չո՞ւմն է։

Ռու­սաստա­նի հետ տնտե­սական գոր­ծակցու­թիւնը էական գոր­ծօն է դանդաղեցնելու Վրաս­տա­նի՝ Եւ­րո­պական Միու­թեան հետ մեր­ձե­ցու­մը, զոր կը փափաքին ԵՄ-ը եւ ԱՄՆ-ն, Ռու­սաստա­նը աւե­լի մե­կու­սացնե­լու հա­մար։ Սա­կայն, Վրաս­տան ի տարբերութիւն Հա­յաս­տա­նի, ուղղա­կի սահ­մա­նակից է Ռու­սաստա­նին։ Վրա­ցական տնտե­սու­թիւնը էապէս կա­խեալ է Ռու­սաստա­նէն։ «Վրա­ցական երազ» կու­սակցու­թիւնը իշ­խա­նու­թեան գլուխ եկաւ 2012-ին Ռու­սաստա­նի հետ լա­րուած, չըսելու համար թշնա­մական յա­րաբե­րու­թիւն­նե­րը մեղ­մացնե­լու քա­ղաքա­կա­նու­թիւն վա­րելու հե­ռան­կա­րով, երբ 2008-ի պա­տերազ­մը Վրաս­տա­նին մեծ վնաս­ներ պատ­ճա­ռած էր, ռազ­մա­կան, հո­ղային ամ­բողջա­կանու­թեան եւ տնտե­սական առումներով։ Ռուսաստան-Ուքրաինա պա­տերազ­մին բե­րու­մով, ռուս գաղթա­կան­նե­րը մեծ ներդրում ու­նե­ցան Վրաս­տա­նի տնտե­սու­թեան բա­րելա­ւման մէջ։ Ռու­սա­կան զբօ­սաշրջու­թիւնը եւ Ռու­սաստան հաս­տա­տուած վրա­ցինե­րու դրա­մական առա­քումնե­րը տա­կաւին մեծ կշիռ ու­նին Վրաս­տա­նի տնտե­սու­թեան մէջ։ 

Սա­կայն, տնտե­սական ազ­դակ­նե­րէն ան­դին կան նաեւ  Ռու­­սաստա­­նը չվշտաց­­նե­­­լու ռազ­մա­վարա­կան նկա­տառումներ Վրաս­տա­նի քա­ղաքա­կան շրջա­նակ­նե­րու հա­շիւնե­­րուն մէջ։ Ո՞վ գի­­տէ թէ ի՞նչ վախ­­ճան պի­­տի ու­­նե­­­նայ ռուս-ուքրաինա­­կան պա­­տերազ­­մը։ Վրաս­­տա­­­ն դեռ կը յի­­շէ 2008-ի ռուս-վրա­ցական պա­տերազ­մին հե­տեւանքնե­րը։ Ի՞նչ պաշտպա­նու­թիւն կրնայ Արեւ­մուտքը մա­տու­ցել Վրաս­տա­նին ռու­սա­կան յար­ձա­կու­մի պա­րագա­յին։ Ռուս-վրա­ցական խա­ղաղ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը մօ­տէն կը շա­հագրգռեն Հա­յաս­տա­նը, որուն կա­պը թէ՛ Ռու­սաստա­նի թէ՛ ալ Արեւ­մուտքի հետ կ՚անցնի Վրաս­տանէն։       

Ժ.Չ. ■