Search
Close this search box.

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ընդունած է ֆրանսահայ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին ֆրանսացի ծերակուտականներ

Մայիս 22-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Հայ դատի յանձնախումբերու կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը եւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին նաեւ ֆրանսացի ծերակուտականներ։

Հանդիպումին քննարկուած են Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն առնչուող հարցեր։ Ընդգծուած է հայրենի կեանքին մէջ ազգային միասնականութեան ու ջանքերու մէկտեղման անհրաժեշտութիւնը՝ առկայ խնդիրները յաղթահարելու համար։

Իր խօսքին մէջ Հայոց Հովուապետը անդրադարձած է Հայաստանի եւ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան անհրաժեշտութեան եւ այդ ուղղութեամբ Ֆրանսայի իշխանութիւններու կողմէ ներդրուող ջանքերուն։ Այս առիթով Գարեգին Բ. իր գնահատանքը յայտնած է Ֆրանսայի Ծերակոյտի անդամներուն՝ իրենց շարունակական զօրակցութեան համար.

Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը պատասխանած է պատուիրակութեան անդամներու հարցումերուն, որոնք կը վերաբերէին Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան եւ հայ ռազմագերիներու վերադարձի գործին մէջ՝ Մայր Աթոռի տարած աշխատանքներուն։