Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազնաւուրին նուիրուած նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի հայերէնով գրառումը

Մայիս 22-ին, Նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն Դիմագիրքի իր էջին՝ Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին նուիրած է հայերէնով հետեւեալ տողերը.

«Տակաւին երէկ Շառլ Ազնաւուրը մեզի հետ էր՝ երգելով մեր թախիծն ու երազանքները։

100 տարի առաջ ծնած, ողբերգութեան եւ ազատութեան դարու առասպելական անուն դարձած՝ Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ, որ այսուհետեւ յաւերժ է»։