Search
Close this search box.

Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ անցած չորս գիւղերուն մէջ բարձրացուած է ազերպայճանական դրօշը

 

Սահմանի զատման հետեւանքով Տաւուշին սահմանակից Ղազախի շրջանի չորս գիւղերը Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ անցնելու փաստը զեկուցուած է այդ երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւին։

Այդ գիւղերուն մէջ բարձրացուած է Ազերպայճանի դրօշը։

Մայիս 24-ին, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնն ալ հաղորդած է, թէ նոյն օրէն սկսեալ Հայաստանի սահմանապահ զօրքերը պաշտօնապէս ստանձնած են պետական սահմանի Տաւուշի մարզի Բերքաբեր, Ոսկեպար եւ Բաղանիս բնակավայրերու պահպանութիւնը։