Search
Close this search box.

ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ – “Le Regard de Charles”

Մայիս 22-ին, մշակութային համատեղ նախաձեռնութեամբ՝ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը, Ֆրանսայի դեսպանութիւնը եւ Ֆրանսական հիմնարկը մեծարեցին Շառլ Ազնաւուրի յիշատակը Ciné Lumière-ի մէջ կազմակերպուած շարժանկարի յատուկ ձեռնարկով մը։

Յարգանքի տուրքի այս ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցաան երկու ուշագրաւ ֆիլմեր, որոնք ընդգծեցին Ազնաւուրի բազմակողմանի տաղանդն ու մնայուն ժառանգութիւնը: Արդարեւ, նախ ներկայացուեցաւ Ֆրանսուա Թրիւֆոյի 1960-ին նկարահանած՝ դասական արժէք մը դարձած խորհրդանշական սեւ-ճերմակ ֆիլմը՝ “Tirez sur le Pianiste” (“Կրակեցէ՛ք դաշնակահարին վրայ”), որ հաստատած է Ազնաւուրի՝  միջազգային դերասանի կարգավիճակը:

Բացի ատկէ, ներկայացուեցաւ նաեւ «Le Regard de Charles» հոգեշահ վաւերագրական ֆիլմը: Այս փաստավաւերագրական ժապաւէնը Ազնաւուրի մտերմիկ կեանքին մէկ հայեացքն է իր սեփական ոսպնեակին միջոցով: 1948 թուականին անմոռանալի Էտիթ Փիաֆէն իր առաջին տեսախցիկը ստանալէ ետք Ազնաւուր նկարահանած է իր արտասովոր ուղեգիծին անհամար պահերը: Այս վաւերագրական ժապաւէնին մէջ ի մի բերուած տեսագրութիւնները կը գծեն նկարահանողին, մարդուն եւ տասնամեակներու երկայնքին անոր ապրած ուշագրաւ պահերուն վառ դիմանկարը:

Իր բացման խօսքին մէջ դեսպան Ներսէսեան յարգանքի տուրք մատուցեց Ազնաւուրին որպէս իսկապէս պաշտուող արուեստագէտ մը, որու ազդեցութիւնը կը գլէ բոլոր սահմանները՝ ընդգծելով շարժարուեստի եւ երաժշտութեան մէջ անոր ներդրումը, որ անջնջելի հետք մը թողած է համայն աշխարհի վրայ: Դեսպան Ներսէսեան եւ Ֆրանսայի դեսպան Հելեն Տիւշէն ընդգծեցին մեծ արուեստագէտին մնայուն հարուստ ժառանգութիւնը, որ «մեր ժողովուրդները իրարու կապող բազմաթիւ մշակութային կապերէն մէկն է»: