Պոլսոյ հայոց Սահակ Բ. պատրիարք հայրը, Մայիս 23-ին ընդունած է Տիգրանակերտի (Տիյարպաքըր) Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըքի։
Այցելուները յայտնած են, թէ եկած են Պատրիարքին ուշադրութեան յանձնելու Տիգրանակերտի եկեղեցւոյ վերաբերող նիւթը: Ինչպէս ծանօթ է տարիներ առաջ մեծ նորոգութեան մը ենթարկուած ու բարեզարդուած էր տեղւոյն Ս. Կիրակոս եկեղեցին: Սակայն, նիւթական եւ այլ պատճառներով իր վիճակին մէջ մնացած է Ս. Սարգիս եկեղեցին ու իր համալիրը, որ երկրաշարժին ալ հետեւանքով բոլորովին անշուք վիճակ մը կը պարզէ: Տեղւոյն ծխական խորհուրդի խնդրանքին ընդառաջելով, Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը վերջերս որոշած է հինգ միլիոն լիրա (աւելի քան 155 հազար տոլար) յատկացնել փլատակ վիճակի մէջ գտնուող Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ վերականգնման համար: Սոյն եկեղեցւոյ վերականգնումի ու բարեզարդման աշխատանքներու ծրագիրը արդէն իսկ պատրաստ ըլլալով, ծխական խորհուրդը որոշած է շուտով աշխատանքի անցնիլ եւ այս առթիւ եկած է օրհնութիւնն ու հովանաւորութիւնը խնդրելու Հոգեւոր պետին՝ այս աշխատանքին համար։
Պատրիարք հայրը իր ուրախութիւնը յայտնած է ի տես այս զարգացումին եւ շնորհաւորած Տիգրանակերտի ծխական խորհուրդը: Ան խոստացած է իր զօրակցութիւնը՝ եկեղեցաշէն սոյն աշխատանքին համար:
Յառաջիկայ Յունիս 13-ին, Պատրիարք հօր նախագահութեամբ տեղի ունենալիք հանդիսութեամբ մը սկիզբ պիտի առնէ վերականգնման աշխատանքը:
Տեղեկութիւններու համաձայն՝ վերականգնման աշխատանքները ամբողջացնելու համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ 60 միլիոն լիրա եւս (շուրջ 1 միլիոն 900 հազար տոլար):
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։