Մայիս 24-ին, Հայաստանի դեսպան Վահագն Աֆեան մասնակցած է Նիւ Տելհիի մէջ կայացած Հնդկաստանի արտադրողներու դաշնակցութեան (FIEO)՝ Հնդկաստան-Հայաստան համաժողովին, որու ընթացքին տեղի ունեցած է հնդկական «Diplomatist» միջազգային յարաբերութիւններու վերլուծական ամսագրին՝ Հայաստանին նուիրուած յատուկ թիւին շնորհահանդէսը:
Դեսպանը իր ելոյթին անդրադարձած է հայ-հնդկական բարեկամական յարաբերութիւններու վերջին շրջանի զարգացումներուն, փոխշահաւէտ համագործակցութեան ընդլայնուող բնագաւառներուն, Հայաստանի՝ աճ արձանագրող տնտեսական ցուցանիշերուն եւ ներդրումային բարենպաստ պայմաններուն:
Ամսագրին մէջ տեղ գտած են հարցազրոյցներ ու յօդուածներ, ուր կը ներկայացուին Հայաստանի «Ակադեմական քաղաք» ծրագրին, հայ-հնդկական կրթամշակութային եւ առեւտրատնտեսական բնագաւառներուն, զբօսաշրջութեան գրաւչութիւններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ու պարզաբանումներ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։