Search
Close this search box.

ԻՏԱԼԻԱ – Երեւանի «Կոմիտաս» երաժշտանոցի ուսանողուհի Շուշաննա Պուչինեան ջութակահարներու միջազգային մրցոյթին արժանացած է առաջին մրցանակին

Երեւանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցի ուսանող, ջութակահարուհի Շուշաննա Պուչինեան Իտայիոյ մէջ մասնակցած է «Citta di Cervignano International Violin Competition» մրցոյթին (2024 Ապրիլ 30–Մայիս 5) ու արժանացած առաջին մրցանակին։

Մրցոյթին մասնակցած են բազմաթիւ երկիրներէ ջութակահարներ։ 

Հայաստանը ներկայացնող Պուչինեան եւ Ռուսաստանի, Սլովենիոյ, Իտալիոյ ներկայացուցիչները յաջողած են որակուիլ եզրափակիչ փուլ։  

Դատակազմը, զոր գլխաւորած է հանրածանօթ ջութակահար Իլիա Կրուպերթ, Շուշաննան ընտրած է լաւագոյնը։