Search
Close this search box.

Դեբեդ գետի յորդելուն հետեւանքով ջրամոյն եղած են ճամբաներ, կամուրջներ

Դեբեդ գե­տի յոր­դե­լուն հե­տեւան­քով Լո­ռիի մար­զին մէջ ջրա­մոյն եղած են տու­ներ, փլած են ճամ­բա­ներ, կա­մուրջներ։ Նախ­նա­կան տո­ւեալ­նե­րով՝ կայ մէկ զոհ։ 

Վտան­գա­ւոր տա­րածքնե­րէն տար­հա­նուած է 232 քա­ղաքա­ցի՝ Տա­շիրէն, Ալա­վեր­տիէն, Դի­լիջա­նէն, Այ­րում եւ Հա­ղար­ծին բնա­կավայ­րե­րէն, Սա­նահին կա­յանէն։

Տա­րած­քա­յին կա­ռավար­ման եւ են­թա­կառոյցնե­րու նա­խարա­րու­թիւնը ներ­կա­յաց­նե­լով փակ ճամ­բա­ները, առա­ջար­կած է այ­լընտրան­քա­յին ճամ­բաներ։