Search
Close this search box.

«Ֆրանսա պէտք է իմանայ, որ Պաքուի դէմ իր արշաւը անպատասխան պիտի չմնայ»,– կ՚ըսէ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը

“Ֆրանսա պէտք է իմանայ, որ իր արշաւը, լկտի յայտարարութիւններն ու գրգռութիւնները Ազերպայճանի դէմ անպատասխան պիտի չմնան”,–  յայտարարած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Այխան Հաճիզատէ՝ ի պատասխան տեղական լրասփիւռներու հարցումին, թէ ինչո՞ւ ֆրանսական կողմը Ազերպայճանը բռնապետութիւն կ՚անուանէ։

“Ֆրանսական կողմը ոչ միայն ներողութիւն չխնդրեց նման անպատասխանատու եւ անընդունելի յայտարարութիւններու համար, այլեւ աւելի սաստկացուց Ազերպայճանի դէմ զրպարտական արշաւը «Լը Փուէն»-ի եւ ֆրանսական նմանատիպ այլ լրասփիւռներու մէջ։ Ֆրանսական կողմը պէտք է իմանայ, որ Ազերպայճանի դէմ իր արշաւը, անպարկեշտ յայտարարութիւններն ու գրգռութիւնները անպատասխան պիտի չմնան”,– աւելցուցած է ան։

Փարիզ դատապարտած էր Ազերպայճանը Ֆրանսայի ներքին գործերուն, յատկապէս՝ Նոր Գալետոնիոյ, ինչպէս նաեւ Կույանայի եւ Գորսիքայի անոր միջամտութեան համար։

Ֆրանսա՝ Հայաստանին աջակցութեան պատճառով յայտնուած է Պաքուի թիրախին։

***

Նշենք, թէ ֆրանսական մամուլին մէջ պարբերաբար լոյս կը տեսնեն Ազերպայճանի բռնապետական վարչակարգը դատապարտող գրութիւններ։ Նման հրապարակումներու վերջին օրինակը կը հանդիսանայ «Լը Փուէն» շաբաթաթերթի անցեալ շաբթուան թիւը, ուր լոյս տեսած է Ազերպայճանի՝ յատկապէս Ֆրանսայի գործերուն միջամտութիւնը դատապարտող ամբողջ թղթածրար մը, հանդէսին կողքն ալ յատկացուած է նիւթին։ Կողքին վրայ գրուած է. «Ազերպայճանի խաղը Նոր Գալետոնիոյ մէջ – Անոր միջամտութիւնը Ֆրանսայի վերնախաւի շրջանակին մէջ – Իլհամ Ալիեւ՝ բռնապետը, որ զայրացած է Ֆրանսայէն»։