Search
Close this search box.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՖՐԱՆՍԱ – Փաշինեան ընդունած է Հօ-տը-Սէն նահանգի նախագահ Ժորժ Սիֆրետիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը

Ֆրանսական նահանգը պատրաստ է անհրաժեշտ աջակցութիւնը տրամադրելու հեղեղէն տուժած Տաւուշի մարզին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մայիս 27-ին ընդունած է Ֆրանսայի Հօ-տը-Սէնի նահանգային խորհուրդի նախագահ Ժորժ Սիֆրետիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Փաշինեան ողջունած է պատուիրակութեան այցը եւ ընդգծած Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ապակեդրոնացուած սերտ համագործակցութեան կարեւորութիւնը:

Վարչապետին համաձայն՝ այդ համագործակցութիւնը անգամ մը եւս կ՚ընդգծէ Հայաստանի առանձնայատուկ յարաբերութիւնները Ֆրանսայի հետ: Միաժամանակ, վարչապետը բարձր գնահատած է նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի եւ ընդհանրապէս Ֆրանսայի վերաբերումը Հայաստանի նկատմամբ: «Ֆրանսա մեր առաջնային գործընկերներէն է եւ համագործակցութիւնը խորացնելու հսկայական ներուժ ունինք»,– ընդգծած է ան:

Իր կարգին, Ժորժ Սիֆրետի նախ իր զօրակցութիւնը յայտնած է Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ ողողումներու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին կապակցութեամբ եւ աւելցուցած,թէ Ֆրանսայի Հօ-տը-Սէն նահանգը գործընկերային յարաբերութիւններ ունենալով Տաւուշի մարզին հետ՝ պատրաստ է անհրաժեշտ աջակցութիւն տրամադրելու վերջինիս: Սիֆրետի ընդգծած է Տաւուշի մարզին հետ գիւղատնտեսութեան, գիւղային զբօսաշրջութեան, շրջակայ միջավայրի եւ այլ ոլորտներու մէջ գործակցութեան զարգացման կարեւորութիւնը:

Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է Տաւուշի մարզին աջակցութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութեան համար, յատկապէս կարեւոր համարելով ենթակառոյցները վերականգնելու ուղղութեամբ գործակցութիւնը: