Ահաւասիկ լուր մը, որ իր լրատուական հանգամանքէն շա՜տ աւելի հեռուները կ՚երթայ։ Այնպէս ինչպէս որ անձի մը երեւութապէս «անմեղ» թուող մէկ շարժումը, վերաբերումը՝ հարցի մը նկատմամբ տուեալ ենթակային բովանդակ մօտեցումը կը մատնէ։ Ռուսաստան, որուն աւելի քան տասը տարի հարկ եղաւ Հայաստանի մէջ (Գիւմրի) իր առաջին հիւպատոսարանը բանալու համար, այսօր կը շտապի Ստեփանակերտի մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն բանալու։ Այս որքա՜ն արագ համակերպում՝ Արցախի հայաթափման եւ Ազերպայճանի կողմէ իւրացման։
***
Ռուսաստան կ՚ակնկալէ 2024-ին Ստեփանակերտի մէջ բանալ գլխաւոր հիւպատոսութիւն։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսաստանի Դաշնակցային խորհուրդի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Կրիկորի Քարասին՝ Ազերպայճանի խորհրդարանական պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին: Ըստ ծերակուտականին՝ մօտ ապագային այդ ուղղութեամբ նախապատրաստական աշխատանքները պիտի սկսին։
Դաշնակցային խորհուրդի հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Ազերպայճանի Մեճլիսի (խորհրդարանի) Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Սամետ Սեիտովի հետ հանդիպումին քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցեր:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։