«Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեան՝ «Ազատութիւն» լրասփիւռին հետ զրոյցին, անդրադառնալով Ազերպայճանի նախագահին յայտարարութեան, թէ «Հայաստան պէտք է ճանչնայ Խոճալուի ցեղասպանութիւնը», ըսած է, թէ «այդ թեման բնականաբար քննարկման ենթակայ չէ»։
«Ի հարկէ, բաւական դրական մթնոլորտ կը տիրէ թէ՛ սահմանի զատման յանձնաժողովին մէջ եւ թէ՛ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ բանակցութիւններուն, բայց Ազերպայճան կը շարունակէ մնալ ապակառուցողական, նաեւ սպառնալիքներ կը հնչեցնէ»,– նշած է ան եւ ընդգծած. «Ատոր համար մենք պէտք չէ գերագնահատենք իրավիճակը, ոչ ալ թերագնահատենք ընկճուելու աստիճանի։ Ունինք յաջողութիւններ, ձեռքբերումներ. Տաւուշի սահմանի գծման շնորհիւ մենք Ազերպայճանը զրկեցինք Հայաստանի վրայ յարձակելու վերջին օրինական կարելիութիւններէն, պատրուակէն»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։