Search
Close this search box.

Մայիս 29-ի դրութեամբ 430 հոգի տարհանուած է իրենց հեղեղուած բնակավայրերէն

Մայիս 26-ին Դեբեդ գետը յորդելով՝ տարերային ահաւոր աղէտի մը պատճառ դարձած էր Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ։ Գետին ջուրը ողողած էր միջպետական եւ այլ ճամբաներ, որոնցմէ շատեր լուրջ վնասներ կրած էին, քանդուած էին նաեւ կամուրջներ, ենթակառոյցներ, բնակարաններ։ Կար դժբախտաբար նաեւ 4 զոհ։ Վերոնշեալ երկու մարզերուն մէջ արտակարգ իրավիճակ յայտարարուած էր, անոնք հռչակուած էին աղէտեալ գօտի։ Աղէտին տարողութեան մասին գաղափար մը տալու համար նշենք, որ բազմաթիւ երկիրներ իրենց օգնութիւնը առաջարկած են Հայաստանին, պարագայ մը որ յատուկ է ծանրագոյն աղէտներու։ 

Մայիս 29-էն Ալավերդիի մէջ սկսած է գործել միասնական տեղեկատուական կեդրոն մը՝ աղէտեալ գօտի յայտարարուած համայնքներու մասին տեղեկութիւններ տալու համար:

Տարածքային կառավարման նախարար Գնէլ Սանոսեան լրագրողներուն տեղեկացուցած է, որ Մայիս 29-ի դրութեամբ ընդամէնը 430 հոգի տարհանուած է իրենց ողողուած բնակավայրերէն: Քարկոփ բնակավայրը Ախթալայի կամուրջի փլուզման հետեւանքով մեկուսացած է եւ համայնքի գրեթէ բոլոր տուները վնասուած են. տեղւոյն ամբողջ բնակչութիւնը տարհանուած է: Մայիս 29-ի առաւօտ հոն սկսած են մաքրման, վերականգնման աշխատանքներ: Գործիքները կարելի եղած է գիւղ հասցնել այլընտրանքային աւելի երկար ճամբով:

Նախարարը նշած է, որ Վրաստան-Հայաստան Մ6 միջպետական ճանապարհը վնասուած է 10-էն աւելի հատուածներու մէջ, որոշ տեղեր փլած է ամբողջ ճամբան, կարգ մը տեղեր ալ՝ մասամբ:

Եօթը բնակավայր դեռ կտրուած է արտաքին աշխարհէն՝ կամուրջներու փլուզման հետեւանքով, սակայն նախարարին հաւաստումով՝ սննդային մատակարարումներ կը կատարուին: Կը փորձուի առժամեայ լուծում գտնելու համար հետիոտնային կամուրջներ կառուցել այդ համայնքներուն հետ կապը ապահովելու ու սնունդի մատակարարումը աւելի դիւրացնելու համար, մինչեւ որ սկսի հիմնական երթեւեկելի կամուրջներու կառուցումը: Թէ այդ աշխատանքը ե՞րբ կը սկսի, նախարարը ստոյգ թուական չէ նշած: