Search
Close this search box.

Եւրոպական Խորհրդարանի շարք մը երեսփոխաններ կոչ կ՚ընեն Հայաստանի իշխանութիւններուն զերծ մնալու ապօրինի գործողութիւններէն

Եւրոպա­կան Խորհրդա­րանի (ԵԽ) շարք մը երես­փո­խան­ներ կոչ կ՚ընեն Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­­նե­րուն զերծ մնալ ա-

պօ­րինի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն: 

«Մենք կը միանանք մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու խումբին եւ մեր մտա­հոգու­թիւնը կը յայտնենք Տա­ւու­շի մար­զին մէջ տե­ղի ու­նե­ցող Հա­յաս­տա­նի եւ Ազեր­պայճա­նի սահ­մաննե­րու զատ­ման եւ սահ­մա­նագծման հո­լովոյ­թի մե­թոտ­նե­րուն եւ շտա­պողա­կանու­թեան վե­րաբե­րեալ։

Ցա­ւօք, ակնյայտ է, որ սահ­մա­նի զա­տու­մը կ՚իրա­կանա­ցուի Հա­յաս­տա­նի դէմ յար­ձակման սպառ­նա­լիքի ներ­քոյ, որ կը խա­թարէ գոր­ծընթա­ցի օրի­նակա­նու­թիւնը։ Կա­յուն եւ մնա­յուն խա­ղաղու­թեան կա­րելի է հաս­նիլ միայն ու­ժի եւ ու­ժի կի­րարկման սպառ­նա­լիքի բա­ցակա­յու­թե­ան պայ­ման­նե­րու մէջ։ Մենք տե­ղեակ ենք, որ Բագ­րատ ար­քե­պիս­կո­պոս Գալստա­նեանի գլխա­ւորած բո­ղոքի շար­ժումը կ՚ար­տա­ցոլէ հայ հա­սարա­կու­թեան տար­բեր խա­ւերու մտա­հոգու­թիւննե­րը՝ գո­յաբա­նական հար­ցե­րու շուրջ։

Այսպէ­սով, մենք կոչ կը յղենք Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան զերծ մնալու ան­հա­մաչափ ու­ժի կի­րարկումէն, ինչպէս նաեւ որե­ւէ այլ քայ­լէ, որոնք կրնան ար­գելք հան­դի­սանալ Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցինե­րուն՝ օգտուե­լու իրենց սահ­մա­նադ­րա­կան իրա­ւունքնե­րէն»,– նշած են երես­փո­խան­նե­րը։

Էմա­նուիլ ՖրակգոսԵւրո­պական խորհրդա­րանի երեսփոխան, Եւրո­պական պահ­պա­նողա­կան­նե­րու եւ ռե­ֆոր­միստնե­րու խումբ, Յու­նաստան

Իլան տէ Պա­սօԵւ­րո­պական խորհրդա­րանի երեսփոխան, Ընկերվարականներ եւ դե­մոկ­րատներ, Շուէտ

Չար­լի Վայ­մերսԵւրո­պական խորհրդա­րանի երեսփոխան, Եւրո­պական պահ­պա­նողա­կան­նե­րու եւ ռե­ֆոր­միստնե­րու խումբ, Շուէտ

Լարս Փաթրիք ՊերկԵւրո­պական խորհրդա­րանի երեսփոխան, Եւրո­պական պահ­պա­նողա­կան­նե­րու եւ ռե­ֆոր­միստնե­րու խումբ, Գեր­մա­նիա

Սթե­լիոս Գիմ­փուրո­փու­լոս Եւրո­պական խորհրդա­րանի երեսփոխան, Եւրո­պական ժո­ղովրդա­կան կու­սակցու­թիւն, Յու­նաստան

Մա­րիա Սփի­րաքիԵւրո­պական խորհրդա­րանի երեսփոխան, Եւրո­պական ժո­ղովրդա­կան կու­սակցու­թիւն, Յու­նաստան

Լու­քաս Ֆուրլաս Եւրո­պական խորհրդա­րանի երեսփոխան, Եւ­րո­պական ժո­ղովրդա­կան կու­սակցու­թիւն, Կիպ­րոս

Քոս­թաս Մավ­րի­տիսԵւրո­պական խորհրդա­րանի երեսփոխան, Ըն­կերվա­րական կու­սակցու­թիւն, Կիպրոս։