Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – Անթաքոյց զրոյց՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Համբիկ Սարաֆեանի հետ

Սփիւռք-Հա­յաս­տան յա­րաբե­րու­թիւննե­րը կ՚անցնին բարդ շրջա­նէ մը։ Այդ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը միշտ ալ բարդ եղած են, սա­կայն եռա­միաս­նութեան քնա­բեր քա­ղաքա­կան լո­զունգին տակ փակ պա­հած էինք մեր աչքերը։ 2020-ի 44-օրեայ պա­տերազ­մի ել­քը Հա­յաս­տան-Սփիւռք յա­րաբե­րու­թիւննե­րու ու­րիշ պատ­կեր մը պար­զեց մեր առ­ջեւ։ Ինչպէ՞ս կրնա­յին յա­րաբե­րու­թիւննե­րը բար­ւոք վի­ճակ ու­նե­նալ, երբ Հա­յաս­տան ներ­քին առ­ճա­կատու­մի մէջ է, երբ Հա­յաս­տան-Ար­ցախ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը նոյնքան ապա­ռողջ եղած են, երբ Եկե­ղեցին քա­ղաքա­կանու­թիւն կը խա­ղայ՝ «սրբա­զան պայ­քար» կը մղէ իշ­խա­նու­թեան դէմ։

Օգ­տուելով Հնչա­կեան կու­սակցու­թեան Կեդ­րո­նական վար­չութեան ատե­նապետ տոքթ. Համ­բիկ Սա­րաֆեանի Փա­րիզ այ­ցե­լու­թե­նէն, քննար­կե­ցինք Սփիւռքը յու­զող վեր­ոն­շեալ հարցերը։

***

«Նոր Յա­ռաջ» – Ինչպէ՞ս կը գնա­հատէք Հա­յաս­տա­նի այ­սօ­րուան իրա­դար­ձութիւննե­րը, Բագ­րատ սրբա­զանի առաջ­նորդած ցոյ­ցե­րը, քա­ղաքա­ցիական անհնա­զան­դութեան կո­չերը, Եկե­ղեցի եւ Պե­տու­թիւն փոխ­յա­րաբե­րու­թիւննե­րը։

Համ­բիկ Սա­րաֆեան – Նախ ձեր հար­ցումին երկրորդ բա­ժինէն սկսէինք։ Մենք մտա­հոգ ենք որ Եկե­ղեցի-Պե­տու­թիւն յա­րաբե­րու­թիւննե­րը հետզհե­տէ աւե­լի կը սրին։ Ան­շուշտ Հա­յոց առա­քելա­կան եկե­ղեցին սահ­մա­նադ­րա­կանօ­րէն յա­տուկ կար­գա­վիճակ ու­նի։ Բայց դժբախ­տա­բար մա՛նա­ւանդ 2018-ի թաւ­շեայ յե­ղափո­խու­թե­նէն յե­տոյ բա­ւական բարդ վի­ճակի մէջ են յա­րաբե­րու­թիւննե­րը եւ անոր դրսե­ւորումնե­րէն մէ­կը կա­րելի է հա­մարել Բագ­րատ սրբա­զանին առաջ­նորդու­թիւնը այդ շար­ժումին, որով­հե­տեւ եթէ չըլ­լար Եկե­ղեցի-Պե­տու­թիւն փոխ­յա­րաբե­րու­թեան կո­րուստը, վստահ եմ ան հնա­րաւո­րու­թիւն պի­տի չու­նե­նար որ­պէս հո­գեւո­րական քա­ղաքա­կան խնդիր­նե­րու մէջ մտնե­լու։

Մենք այս կա­պակ­ցութեամբ օրին մտա­հոգու­թիւն յայտնած ենք թէ՛ Կա­թողի­կոսին, թէ՛ Վար­չա­պետին հետ մեր հան­դի­պումնե­րու ըն­թացքին։

Լաւ չէ որ այս կա­ցու­թիւնը ստեղ­ծուած է։ Ան­շուշտ Եկե­ղեցին իր խնդիր­նե­րը ու­նի, մա՛նա­ւանդ աղանդնե­րուն առնչուող հար­ցեր կան։ Այ­սօր Հա­յաս­տա­նի մէջ այդ աղանդնե­րուն մուտքը ար­գի­լելու կա­րելիու­թիւն չկայ, միւս կող­մէ, Եկե­ղեցին ալ հնա­րաւո­րու­թիւնը չու­նի դի­մագ­րա­ւելու այդ խնդի­րը։

Ինչ կը վե­րաբե­րի Բագ­րատ սրբա­զանի առաջ­նորդած շար­ժումին, պէտք է ըսեմ, թէ սահ­մա­նամերձ գիւ­ղե­րու պաշտպա­նու­թեան հար­ցով ծայր առած շար­ժումը դժբախ­տա­բար հի­մա կ՚ըն­թա­նայ իշ­խա­նափո­խու­թեան պա­հան­ջով, որ կը նմա­նի նա­խապէս եղած փոր­ձե­րուն։ Մեր գնա­հատու­մով այդ շար­ժումը նման բա­նաձե­ւով յա­ջողու­թիւն պի­տի չու­նե­նայ, մա­նաւանդ որ նախ­կին իշ­խա­նու­թեան ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը դե­րակա­տարու­թիւն ու­նին, հա­կառակ անոր որ հրա­պարա­կի վրայ չեն երե­ւիր։ Այդ պատ­ճա­ռով ալ առա­ջին օրուան բազ­մա­հազար­նոց ցոյ­ցէն յե­տոյ մաս­նա­կից­նե­րուն թի­ւը շատ աւե­լի նուազե­ցաւ, որով­հե­տեւ շա­տեր մեծ մտա­հոգու­թիւն ու­նին երկրի ներ­քին իրա­վիճա­կի հետ կա­պուած եւ այդ պատ­ճա­ռով ալ մա­րեցաւ շար­ժումը։

Մե­զի առա­ւել մտա­հոգո­ղը Եկե­ղեց­ւոյ դե­րակա­տարու­թիւնն է այս գոր­ծին մէջ եւ առ այդ մեր կու­սակցու­թիւնը հան­դէս եկաւ յայ­տա­րարու­թեամբ, նկա­տի ու­նե­նալով որ մենք մտա­հոգ ենք Եկե­ղեց­ւոյ հե­ղինա­կու­թեան առնչու­թեամբ։ Մեր կար­ծի­քով Եկե­ղեցին պէտք է վեր մնայ քա­ղաքա­կան պայ­քարնե­րէ, քա­նի որ իր առա­քելու­թիւնը իբ­րեւ հո­գեւոր եւ ազ­գա­յին ար­ժէքնե­րու կեդ­րոն՝ հա­յու­թեան հա­մախմբումն է։ Այլ խօս­քով քա­ղաքա­կան եւ հո­գեւոր պայ­քա­րը հա­մատե­ղելի չէ։ Եկե­ղեցին պէտք է ժո­ղովուրդին կող­քին եւ ժո­ղովուրդին հա­մար հաս­տա­տու­թիւն ըլ­լայ եւ իր խօս­քը պէտք է ըսէ այդ սահ­մաննե­րուն մէջ, հա­կառակ պա­րագա­յին անա­խորժ հե­տեւանքներ պի­տի ու­նե­նայ։

 

«ՆՅ» – Իսկ ինչպէ՞ս կը գնա­հատէք այ­սօ­րուան կա­ռավա­րու­թեան քա­ղաքա­կան գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը, ընդհան­րա­պէս քա­ղաքա­կանու­թիւնը եւ մի­ջազ­գա­յին բարդ իրա­վիճա­կի մէջ իր առած քայ­լե­րը։ Ար­դեօք այդ քայ­լե­րը յար­մա՞ր են ապա­հով եր­կիր մը ստեղ­ծե­լու եւ Հա­յաս­տա­նի ապա­գան ձե­ւով մը կա­յուն հիմ­քե­րու վրայ դնե­լու։

Հ.Ս. – Նախ ըսեմ, որ այ­սօ­րուան վա­րուող քա­ղաքա­կանու­թիւնը պէտք էր տե­ղի ու­նե­ցած ըլ­լար 1997-98-ին։ Հի­մա եր­կիր կա­ռավա­րելը, պե­տու­թիւն ու­նե­նալը, պե­տական մտա­ծողու­թիւնը նոյ­նը չէ, քան այն ին­չին մենք սո­վոր էինք, երբ պե­տակա­նազուրկ ժո­ղովուրդ էինք եւ պե­տու­թիւն ու­նե­նալու կը ձգտէինք եւ Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նի մէջ ծնունդ առին մեր յե­ղափո­խական շար­ժումներն ու մեր կու­սակցու­թիւննե­րը։ Երբ որ պե­տու­թիւն կ՚ու­նե­նաս քու մտա­հոգու­թիւններդ բո­լորո­վին այլ ուղղու­թեամբ կ՚ըն­թա­նան եւ ստի­պուած ու­զես կամ չու­զես պի­տի առնչուիս եւ ամէն ինչ հա­շուի առ­նես։ Իսկ երբ կորսնցնե­լիք բան մը չու­նիս, այդ ուղղու­թեամբ մտա­հոգու­թիւն ալ չու­նիս։ Այդպէս եղած է մեր յե­ղափո­խական շար­ժումնե­րու ժա­մանակ, երբ շատ մը գոր­ծո­ղու­թիւննե­րուն հե­տեւան­քը լաւ չէ եղած ժո­ղովուրդին հա­մար, բայց անոնք եղած են՝ իբ­րեւ ձե­ւով մը ըմ­բոստու­թեան ճիչ մեր կող­մէ, թէ՛ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նիքին, թէ՛ 0ս­մա­նեան կայսրու­թեան յղուած, բայց հի­մա կա­ցու­թիւնը բո­լորո­վին այլ է եւ կա­մայ թէ ակա­մայ պէտք է իրա­դար­ձութիւննե­րուն հետ առնչուիս։

Դժբախ­տա­բար, 1997-ին Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեանի կող­մէ ար­տա­յայ­տուած միտ­քե­րը ըն­կա­լուե­ցան որ­պէս պար­տուողա­կան եւ հե­տեւան­քը եղաւ այն ինչ որ ու­նե­ցանք 2020-ին, այ­սինքն՝ կա­րելի է ըսել 2020-ը այդ ամ­բողջ շղթա­յի աւար­տը եղաւ։ Ըսել է, թէ երբ քու ձգտումները, նպա­տակ­նե­րը եւ երա­զը չի հա­մապա­տաս­խա­ներ գետ­նի իրա­կանու­թեան, դուն մեծ խնդիր կ՚ու­նե­նաս։ Ժո­ղովուրդը, հա­սարակ քա­ղաքա­ցին՝ Հա­յը ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նի մէջ թէ ան­կէ դուրս մտա­ծելու, յոյ­սեր փայ­փա­յելու իրա­ւունքը ու­նի եւ պէտք է ու­նե­նայ, մա­նաւանդ ազ­գա­յին տե­սան­կիւնէ մեկ­նած, բայց պե­տու­թեան ղե­կավար­նե­րը, երբ իրենք տե­ղեկու­թեանց հա­սու են, պէտք էր ատոր հի­ման վրայ գոր­ծո­ղու­թիւններու նա­խաձեռ­նէին ու քա­ղաքա­կանու­թիւն մշա­կէին, սա­կայն դժբախ­տա­բար չը­րին, չե­ղաւ եւ այ­սօ­րուան վի­ճակին հա­սանք։ Հի­մա ինչ որ այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ՝ պայ­մաննե­րէ պար­տադրուած քա­ղաքա­կանու­թեան ար­դիւնք է։ Այլ խօս­քով Փա­շինեանի իշ­խա­նու­թիւնը պա­տերազ­մի պար­տութե­նէն ետք, ձե­ւով մը սոր­վե­ցաւ այն դա­սերը, որոնց մին­չեւ այդ պա­տերազ­մը ինք ալ չէր հա­ւատար։ Այժմ տես­նե­լով տե­ղի ու­նե­ցածը շատ աւե­լի գործնա­կան քա­ղաքա­կանու­թիւն սկսած է վա­րել, նաեւ՝ գետ­նի վրայ տե­ղի ու­նե­ցած իրա­դար­ձութիւննե­րէն մեկ­նե­լով, եզ­րա­կացու­թիւններ ընե­լով առաջ կ՚եր­թայ։

Ներ­կա­յիս, ան­շուշտ շատ դժուար վի­ճակի մէջ կը գտնուինք, որով­հե­տեւ ո՛չ մէկ լծակ ու­նինք ձեռ­քերնիս։ Կորսնցու­ցինք այն ինչ որ ու­նէինք երբ Ար­ցա­խը մերն էր եւ մա­նաւանդ վե­րադար­ձուելիք տա­րածքնե­րը մեր ձեռքն էին։ Հի­մա այդ ամէ­նը չու­նե­նալու եւ լծակ­նե­րու, դաշ­նա­կից­նե­րու բա­ցակա­յու­թեան պայ­մաննե­րու տակ, մեր գնա­հատու­մով, ամէ­նէն բա­րեն­պաստ բանն է որ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ, հար­կաւ նո­րէն պար­տադրուած եւ մեր կամ­քին հա­կառակ, բայց գի­տակից ենք, որ ու­րիշ որե­ւէ այլ մօ­տեցում կրնայ ու­րիշ տեղ տա­նիլ մե­զ։ Ներ­կա­յիս մե­զի պէտք է ճկու­նութիւն, որ­պէսզի օգ­տուինք ստեղ­ծուած մի­ջազ­գային իրա­վիճա­կէն, մեր հար­ցե­րը լու­ծե­լու հա­մար։ Մենք ու­նինք վատ տար­բե­րակ­ներ եւ ստի­պուած պի­տի ըլ­լանք ընտրե­լու նուազա­գոյն վնաս պատ­ճա­ռող տար­բե­րակը, նկա­տի ու­նե­նալով որ զրկուեցանք լաւ տար­բե­րակ­նե­րու իրա­ւունքէն՝ 2020-ի պա­տերազ­մին հե­տեւան­քով։ Հե­տեւա­բար, այդ տե­սան­կիւնէն դի­տուած՝ այդպէս կը տես­նենք այ­սօ­րուան իշ­խա­նու­թիւննե­րու վա­րած քա­ղաքա­կանու­թիւնը։

 

«ՆՅ» – Իսկ Սփիւռքի մէջ ի՞նչն է որ կ՚ար­գի­լէ այս մօ­տեց­ման ըն­կա­լու­մը։

Հ.Ս. – Սփիւռքը բո­լորո­վին ու­րիշ ար­ժե­համա­կար­գի վրայ ստեղ­ծուած է եւ կա­րելի չէ ակնկա­լել որ հա­մաձայն ըլ­լայ այդ մօ­տեցու­մին։ Ո՛չ միայն սփիւռքը, այ­լեւ Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովուրդը պատ­րաստ չէր ըն­կա­լելու կա­ցու­թիւնը։ Օրի­նակ՝ չորս գիւ­ղե­րուն հար­ցը։ Եթէ պի­տի ամէն ինչ կորսնցնէինք աւե­լի լաւ չէ՞ր որ այդ հինգ շրջան­նե­րը զի­ջէինք։ Բայց եթէ այդ չորս գիւ­ղին հա­մար այսքան աղ­մուկ բարձրա­ցաւ, կա­րելի չէ պատ­կե­րաց­նել, որ որե­ւէ իշ­խա­նու­թիւն հա­մար­ձա­կէր ըսե­լու թէ այդ հինգ շրջան­նե­րը տանք եւ հար­ցը լու­ծենք։ Ան­կա­րելի էր։ Ատոր պատ­ճա­ռը այն է, որ պէտք եղած դաս­տիարակ­չա­կան, բա­ցատ­րո­ղական ան­կեղծ աշ­խա­տան­քը չտա­րուե­ցաւ ժո­ղովուրդին հետ եւ ատոր հե­տեւան­քով ալ ժո­ղովուրդը մնաց այն ըն­կալման մէջ, որ միայն մէկ տար­բե­րակ կայ, այն ալ յաղ­թա­նակն է եւ ին­չու չէ նաեւ Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նին տի­րանա­լը։

Սփիւռքի մէջ եթէ մե­զի հա­մար ռազ­մա­վարու­թիւնը հա­յապահ­պա­նումն էր եւ ազ­գա­յինի պահ­պա­նու­մը, այդ ռազ­մա­վարու­թեան մար­տա­վարու­թիւննե­րէն մէ­կը Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչումն ու Հայ դա­տի հե­տապնդու­մը եւ այդ ուղղու­թեամբ պայ­քա­րի ձե­ւակեր­պումն էր, որ ան­շուշտ մեծ դեր խաղ­ացած է սե­րունդնե­րը ազ­գա­յին ոգիով դաս­տիարա­կելու մէջ։ Հոս է որ հա­կասու­թիւն կը ստեղ­ծուի գործնա­կանի եւ ազ­գա­յինի մի­ջեւ։ Այս պա­րագա­յին կը կար­ծենք, թէ աւե­լի կա­րեւոր է որ Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովուրդը ստանձնէ իր պա­տաս­խա­նատ­ւութիւ­նը, քա­նի որ Սփիւռքի մէջ Հա­յաս­տա­նին վե­րաբե­րող հար­ցե­րը միայն գի­շերը քունը կը խան­գա­րեն, իսկ Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցիին հա­մար այդ բո­լորը իր կեան­քին վրայ ան­մի­ջական ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցող հար­ցեր են եւ անոր հա­մար է, որ եր­կուքին մի­ջեւ տար­բե­րու­թիւն կայ, բայց նաեւ հաս­կա­ցողու­թիւն պէտք է ցու­ցա­բերել՝ սփիւռքա­հայուն եւ Հա­յաս­տա­նի բնակ­չութեան ձգտումնե­րուն ու մօ­տեցումնե­րուն նկատ­մամբ։ Բայց կա­րեւո­րը այն է, որ Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թիւնը, պե­տական այ­րե­րը կա­րողա­նան այնպէս մը առաջ տա­նիլ քա­ղաքա­կանու­թիւնը, որ­ կա­րելի ըլ­լայ ապա­հովել իրապէս վտանգի տակ գտնուող Հա­յաս­տա­նի անվտան­գութիւ­նը, ինքնիշ­խա­նու­թիւնն ու ան­կա­խու­թիւնը։

Յատ­կա­պէս նշեալ հար­ցին վե­րաբե­րեալ կը կար­ծենք, որ քիչ կա­րեւոր է Սփիւռքի մօ­տեցու­մը եւ կա­րիք ալ չկայ, որ այդ նիւ­թը ար­ծարծուի։ Իսկ Սփիւռքին վե­րաբե­րող հար­ցե­րը կրնան այդպէս ալ շա­րու­նա­կուիլ, որով­հե­տեւ ու­րիշ այ­լընտրանք չկայ, շատ դժուար է ազ­գա­յինը պա­հել, եթէ չըլ­լան ա՛յն հիմ­նա­սիւ­նե­րը, որոնք Սփիւռքի կեր­պա­րով հիմ­նուած են։

 

«ՆՅ» – Այ­սինքն ըսել կ՚ու­զէք, թէ Սփիւռքի մէջ այժմէական քա­ղաքա­կան հար­ցե­րու վե­րաբե­րեալ ռազ­մա­վարու­թիւն վե­րանա­յելու անհրա­ժեշ­տութիւ­նը չկա՞յ։

Հ.Ս. – Ան­շո՛ւշտ, որ Սփիւռքը իր ռազ­մա­վարու­թիւնը վե­րանա­յելու խնդիր ու­նի, բայց խօսքս անոր մա­սին էր, որ պէտք է ան­պայման տե­ղի ու­նե­նայ առաջ­նա­հեր­թութիւննե­րու վե­րար­ժե­ւորում, եւ այդ է որ այ­սօր կա­րեւոր է, քա­նի որ Սփիւռքի հա­մար թէ՛ Խորհրդա­յին Միու­թեան ժա­մանա­կաշրջա­նին եւ թէ՛ մին­չեւ 2018 թուակա­նը կա­րեւո­րը եւ մեր մտա­ծողու­թեան առանցքը Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչու­մը եղած է եւ աւե­լի քիչ մաս­նակցու­թիւն կամ դե­րակա­տարու­թիւն ու­զած ենք ու­նե­նալ Հա­յաս­տա­նէն ու Ար­ցա­խէն ներս տե­ղի ու­նե­ցող խնդիր­նե­րուն մէջ։ 2018-էն յե­տոյ մեր հե­տաքրքրու­թիւնը փո­խուե­ցաւ, իսկ 2020-էն յե­տոյ վե­րածուեցաւ յու­սա­հատու­թեան ու յու­սա­խաբու­թեան։

Օրի­նակ մը բե­րեմ. Հա­յաս­տան–Թուրքիա յա­րաբե­րու­թիւննե­րը միան­շա­նակ պի­տի չըն­կա­լուին սփիւռքա­հայ հա­տուած­նե­րու կող­մէ, որով­հե­տեւ մեր մէջ ար­մա­տացած է այն մտա­ծելա­կեր­պը, որ մենք եր­բեք պէտք չէ Թուրքիոյ հետ յա­րաբե­րու­թիւն հաս­տա­տենք, պէտք չէ սահ­մաննե­րը բա­նանք, պէտք չէ շփուինք այնքան ատեն որ Թուրքիա չէ ճանչցած Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը եւ հա­տու­ցում չէ կա­տարած հայ ժո­ղովուրդին։ Այս մտա­ծելա­կեր­պը մենք ու­զենք կամ չու­զենք պէտք է փո­խենք, որով­հե­տեւ խօս­քը կը վե­րաբե­րի Հա­յաս­տան–Թուրքիա պե­տու­թիւննե­րու մի­ջեւ յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն եւ Հա­յաս­տան որ­պէս պե­տու­թիւն չի կրնար գո­յատե­ւել եթէ յա­ւերժ իրեն թշնա­մի պի­տի ու­նե­նայ դրա­ցի եր­կի­րը։ Կը կար­ծեմ, որ նոր սե­րունդը այս հար­ցին շուրջ հաս­կա­ցողու­թիւն կը ցու­ցա­բերէ։ Իսկ մենք չենք կրնար հա­կադ­րել եր­կու մօ­տեցումնե­րը եւ ատոր հա­մար է որ դաս­տիարա­կու­թիւնը կա­րեւոր է։

Իսկ ինչ կը վե­րաբե­րի իրա­կան Հա­յաս­տա­նի եւ պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի վե­րաբե­րեալ իշ­խա­նու­թիւննե­րուն առա­ջադ­րած նիւ­թին, պէտք է ըսեմ, թէ այդ ձե­ւակեր­պումը մե­զի հա­մար ըն­դունե­լի չէ, որով­հե­տեւ սփիւռքը նաեւ այդ ամէն ին­չի կրողն է եւ սփիւռքա­հայու­թեան հա­մար այս մօ­տեցու­մը ո՛չ միայն ճիշդ պի­տի չըլ­լայ, այ­լեւ կրնայ մա­հացու ըլ­լալ, քա­նի որ կա­րելի չէ ան­ցեալը մոռ­նալ։ Ու­րեմն նախ պէտք է առաջ­նա­հեր­թութիւննե­րը փո­խուին, նկա­տի ու­նե­նալով, որ ներ­կա­յիս Հա­յաս­տան գո­յու­թե­նական պայ­քար կը մղէ եւ մեր ու­շադրու­թիւնը պէտք է այդ ուղղու­թեամբ ըլ­լայ։ 

 

«ՆՅ» – Իսկ այ­սօ­րուան Սփիւռքը իր կա­ռոյ­ցով, ան­դամնե­րով փո­խուած է։ Ժա­մանա­կին միայն աւան­դա­կան սփիւռքը կար, իսկ ներ­կա­յիս կայ նաեւ Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թածնե­րու նոր սփիւռքը։ Ինչպէ՞ս կը տես­նէք այս եր­կուքին յա­րաբե­րու­թիւննե­րը։

Հ.Ս. – Ճիշդ է, որ հի­մա ու­նինք աւան­դա­կան սփիւռքն ու նոր սփիւռքը եւ այս եր­կուքին մի­ջեւ մեծ տար­բե­րու­թիւն կայ։ Հիմ­նա­կան պատ­ճառն ալ այն է, որ նոր սփիւռքը կազ­մուեցաւ 1990-էն ետք։ Ես կրնամ յատ­կա­պէս Լոս Ան­ճը­լըսի գա­ղու­թին մա­սին խօ­սիլ, ուր մեծ թի­ւով Հա­յաս­տա­նէն գաղ­թածնե­րը տա­կաւին ձե­ւով մը կա­պուած են Հա­յաս­տա­նին՝ գոր­ծով եւ ֆի­զիքա­պէս։ Անոնց հա­մար շատ աւե­լի մեծ հե­տաքրքրու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ ներ­կայ Հա­յաս­տա­նը, իսկ նոյ­նը չէ աւան­դա­կան սփիւռքի պա­րագան, որ աւե­լի քիչ հե­տաքրքրու­թիւն կը ցու­ցա­բերէ Հա­յաս­տա­նի նկատ­մամբ։ Ճիշդ այդ է պատ­ճա­ռը, որ առ այ­սօր այս եր­կուքը իրա­րու հետ չեն միաձու­լուած, քա­նի որ նոյն հե­տաքրքրու­թիւննե­րը չու­նին։ Օրի­նակ՝ Հա­յաս­տանցին Հա­յաս­տան ապ­րած ատե­ն եր­բեք հայ մնա­լու վտան­գի զգա­ցողու­թիւնը չէ ու­նե­ցած։ Երբ սերնդա­փոխու­թիւն տե­ղի ու­նե­նայ այն ատեն է, որ անոնք աւե­լի սուր կեր­պով պի­տի զգան ա՛յն մտա­հոգու­թիւնը, որ մենք զգա­ցած ենք Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք, երբ օտար ափե­րուն վրայ գա­ղութներ հիմ­նած ենք։ Եր­կու սփիւռք(ներ)ու մի­ջեւ մօ­տեցումնե­րու տար­բե­րու­թիւն կայ։

 

«ՆՅ» – Աւան­դա­կան սփիւռքի դե­րակա­տարու­թեան նուազում մը կա՞յ։

Հ.Ս. – Այո՛, կայ եւ դժբախ­տա­բար նկա­տելի է ամէն տեղ, որով­հե­տեւ աւան­դա­կան սփիւռքի կազ­մա­ւորու­մը եւ մտա­ծելա­կեր­պի ձե­ւաւո­րու­մը ան­մի­ջակա­նօրէն կա­պուած էր պատ­մա­կան իրո­ղու­թիւննե­րուն եւ մա՛նա­ւանդ Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն մա­զապուրծ եղող­նե­րու ֆի­զիքա­կան ներ­կա­յու­թեան հետ։ Գո­յու­թիւն ու­նէր նաեւ կե­թոյի իրո­ղու­թիւնը, յատ­կա­պէս Լի­բանա­նի կամ Սու­րիոյ մէջ, որ ձե­ւով մը վտան­գա­ւոր էր, քա­նի որ երբ կը մեծ­նաս այդ կե­թոյի մտա­ծելա­կեր­պին մէջ եւ վեր­ջը այլ շրջան­ներ կ՚եր­թաս ու այ­լեւս չես գտներ նոյն մթնո­լոր­տը, մտա­ծողու­թիւնը, ձե­ւով մը անա­պահո­վու­թիւն կը զգաս։

Այ­սօր ամէն բան փո­խուած է, ամէ­նու­րեք բազ­մա­զանու­թիւն կայ. նա­խապէս մեր ժա­ման­ցը ակումբնե­րու մէջ կ՚ըլ­լար, միու­թե­նական, սկաու­տա­կան աշ­խա­տանքնե­րով կ՚ան­ցը­նէինք մեր ժա­մանա­կը, հի­մա հե­տաքրքրու­թիւննե­րը փո­խուած են, պա­տանի մը կրնայ սե­նեակէն դուրս չել­լել եւ հա­մացան­ցով ու հե­ռաձայ­նով ու­զա­ծը գտնել եւ ու­նե­նալ։ Այս բո­լորը մտա­հոգու­թիւն եւ նաեւ մար­տահրա­ւէր են սփիւռքի հա­մար, որ­պէսզի ցարդ տա­րուող հա­յապահ­պանման աշ­խա­տան­քը կա­րելի ըլ­լայ շա­րու­նա­կել։ Սփիւռքը կ՚են­թադրեմ դէ­պի անո­րոշու­թիւն կ՚եր­թայ, մա­նաւանդ Արա­բական գա­րու­նէն յե­տոյ երբ մեծ հա­րուած ստա­ցան հա­յու­թեան կռուան­նե­րը՝ Սու­րիան, Լի­բանա­նը, որոնք սե­րունդներ կը պատ­րաստէին։ Շատ դժուար է պատ­կե­րաց­նել սփիւռքի ապա­գան՝ 25-30 տա­րի յե­տոյ, նկա­տի ու­նե­նալով, որ միու­թիւննե­րու շուրջ հե­տաքրքրու­թիւնը պակ­սած է, երի­տասարդնե­րը այլ զբա­ղումներ ու­նին եւ զա­նոնք հա­մայնքա­յին կեան­քին կա­պելու դժուարու­թիւնը կայ։ Առ այդ թե­րեւս շատ աւե­լի այժմէական է երի­տասար­դը իր հայ­րե­նիքին կա­պելու աշ­խա­տան­քը՝ հա­յապահ­պանման նպա­տակով։ Մե­զի հա­մար վե­րացա­կան էր հայ­րե­նիքի, հո­ղի, ջու­րի հաս­կա­ցողու­թիւնը, իսկ այ­սօր պա­րագան նոյ­նը չէ։

 

«ՆՅ» – Ըսել է նոր յե­նարան­ներ գտնե­լու դժուարու­թիւններ կան։

Հ.Ս. – Այո՛, եւ պէտք է ըսել, որ մենք որ­պէս աւան­դա­կան սփիւռք կ՚ու­շա­նանք այդ մա­սին շատ աւե­լի վեր­լուծա­կան, խո­րունկ եւ գործնա­կան քայ­լեր առ­նե­լու դի­տան­կիւնէն։ Պա­տերազ­մէն յե­տոյ, վեր­ջին չորս տա­րինե­րուն ձե­ւով մը անո­րոշու­թեան մէջ ենք, ան­շուշտ հա­րուա­ծը շատ մեծ էր եւ զուտ սփիւռքեան առու­մով տա­րուե­լիք մեծ աշ­խա­տանք կայ նոր յե­նարան­ներ ստեղ­ծե­լու, որոնց վրայ սփիւռքը կա­րողա­նայ գո­յատե­ւել։

 

«ՆՅ» – Հա­յաս­տա­նի հետ սփիւռքի յա­րաբե­րու­թիւննե­րը վե­րանա­յելու, վե­րար­ժե­ւորե­լու հարցն ալ կայ։ Հա­յաս­տա­նի հետ ինչպի­սի՞ յա­րաբե­րու­թիւններ պէտք է մշա­կել տնտե­սական, մշա­կու­թա­յին, կրթա­կան գետ­նի վրայ։ Շեշ­տը ին­չի՞ վրայ պէտք է դրուի, որ­ եր­կուստեք յա­րաբե­րու­թիւննե­րը առող­ջա­նան եւ ար­դիւնա­ւէտ դառ­նան։

Հ.Ս. – Ամէ­նէն մեծ խնդիր­նե­րէն մէ­կը եղած է ու կը շա­րու­նա­կէ մնալ Հա­յաս­տան–Սփիւռք յա­րաբե­րու­թիւննե­րու ոչ-բար­ւոք վի­ճակը։ Կար­գա­խօսա­կան մա­կար­դա­կէն չենք կրցած անցնիլ գործնա­կանի։ Շատ գե­ղեցիկ կը հնչէ եւ կը հպար­տա­նանք, որ սփիւռքի նե­րու­ժը կ՚օգ­տա­գոր­ծուի ի շահ Հա­յաս­տա­նի, բայց գործնա­կանին մէջ որե­ւէ քայլ չենք կրցած առ­նել, հա­կառակ անոր որ Հա­յաս­տան–Սփիւռք հա­մաժո­ղով­ներ եղած են, ուր կը հա­ւաքուէինք, կը քննար­կէինք, ծրագ­րեր կը մշա­կուէին, որոնց մեծ մա­սը գործնա­կանի չէին վե­րածուեր։

Սփիւռքի նա­խարա­րու­թեան, յե­տոյ ալ՝ յանձնա­կատա­րի գրա­սենեակի ստեղ­ծումը լու­ծումներ փնտռե­լու ձե­ւերէն մէկն էր, բայց ո՛չ մէ­կը գո­հացու­ցիչ է, որով­հե­տեւ եր­բեք խո­րապէս չու­սումնա­սիրուեցաւ եւ չստեղ­ծուեցաւ Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռքի մի­ջեւ հա­մակար­գուած գոր­ծակցու­թիւնը՝ թէ՛ առար­կա­յական, թէ՛ են­թա­կայա­կան պատ­ճառնե­րով։ Առար­կա­յական պատ­ճա­ռը այն է որ սփիւռքը միատարր չէ, միաձոյլ չէ, տար­բեր սփիւռք(ներ) կան, որոնց հե­տաքրքրու­թիւննե­րը բո­լորո­վին այլ են։ Իրա­կանու­թեան մէջ կա­պի եւ որա­կական մա­կար­դա­կը ապա­հովե­լը եր­կու կող­մի ձա­խողու­թիւնն է՝ թէ՛ Հա­յաս­տա­նի յա­ջոր­դա­կան իշ­խա­նու­թիւննե­րու, թէ՛ սփիւռքի կու­սակցու­թիւննե­րու եւ մեծ կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու, բնա­կանա­բար ատոր բա­նալին գտնե­լը դիւ­րին գործ չէ։ Տե­ղեկա­տուա­կան դաշ­տի պա­կասը, հա­մադրման եւ հա­մադաս­ման բա­ցակա­յու­թիւնը իրենց ազ­դե­ցու­թիւնը ու­նե­ցած են։ Նոյ­նիսկ Ար­ցա­խեան 44-օրեայ պա­տերազ­մին չկրցանք մեր պատ­գա­մը հասցնել մի­ջազ­գա­յին հա­մայնքին, որ­պէսզի անոնք ար­ձա­գան­գէին։ Իսկ Ազեր­պայճա­նի քա­րոզ­չա­կան մե­քենան յա­ջողե­ցաւ այդ հար­թա­կին վրայ։

Խոր­քին մէջ մենք զբա­ղած ենք շատ աւե­լի կողմնա­կի հար­ցե­րով, մոռ­նա­լով հիմ­նա­կանը։

Մշա­կու­թա­յին գետ­նի վրայ ալ հար­ցեր կան, օրի­նակ՝ թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ հա­յերէն գիրք կար­դա­ցող չկայ, կար­ծէք թէ մշա­կոյ­թը այ­լեւս առաջ­նա­հեր­թութիւն չէ երի­տասար­դութեան հա­մար, ան­շուշտ գան­ձատրման պա­կասն ալ իր ազ­դե­ցու­թիւնը ու­նի եւ սփիւռքը կրնայ օգ­տա­կար ըլ­լալ՝ նիւ­թա­կան մի­ջոց­ներ տրա­մադ­րե­լով, որով­հե­տեւ ի վեր­ջոյ ատ­կէ օգ­տուողը ինք պի­տի ըլլայ։

Տեսակցեցաւ՝

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ ■