Search
Close this search box.

Պաքուի մէջ ծայր առած են Ազերպայճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ «Կովկասեան արծիւ-2024» միացեալ ռազմափորձերը

 

Յունիս 4-ին, Ազերպայճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ նշանակութեան ջոկատներու մասնակցութեամբ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած է «Կովկասեան արծիւ-2024» միացեալ ռազմափորձերու բացման արարողութիւնը։ Լուրը հաղորդած են ազերպայճանական լրասփիւռները։

Բացման արարողութեան ներկայ եղած է Ազերպայճանի յատուկ նշանակութեան ուժերու հրամանատարի պաշտօնակատար, զօրավար Աքիֆ Փիրվերտիեւ։

Մասնակիցներու թիւի, ռազմափորձերու տեւողութեան եւ ծրագրի մասին տեղեկութիւն չէ հաղորդուած։