Յունիս 5-ին, Էքս-ան-Փրովանսի քաղաքապետուհի Սոֆի Ժուասէնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութիւն եւ հանդիպում ունեցած նախարար Ժաննա Անդրէասեանի հետ։
Կողմերը անդրադարձած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ տարբեր բնագաւառներու ապակեդրոնացուած համագործակցութեան ծիրին մէջ իրագործուելիք ծրագրերուն:
Սոֆի Ժուասէն շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ ընդգծած Էքս-ան-Փրովանսի մէջ հայկական ներկայութեան կարեւորութիւնը: Ան ըսած է, թէ քաղաքը առաջիններէն էր որ ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ շեշտելով, թէ իր ղեկավարած քաղաքը սերտօրէն կը համագործակցի հայկական սփիւռքին հետ: “Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին առիթով կը նախատեսուի Էքս-ան-Փրովանսի հրապարակներէն մէկը կոչել երգիչին անունով: Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն ալ պիտի կազմակերպուին Հայաստանի օրեր եւ տարբեր արուեստագէտներու ցուցահանդէսներ”,– տեղեկացուցած է քաղաքապետուհին:
“Հայկական ներկայութիւնը Ֆրանսայի մէջ շատ գնահատելի է եւ տեսանելի: Շնորհակալ ենք ձեր հետեւողական ուշադրութեան համար”,– իր կարգին նշած է տիկին Անդրէասեան:
Հանդիպումին քննարկուած են նաեւ Էքս-ան-Փրովանսը եւ Արարատի մարզի Մասիսը զուգորդուած քաղաքներ հռչակելու եւ ըստ այդմ՝ միատեղ շարունակական ծրագրեր իրականացնելու հեռանկարները, ինչպէս՝ երկու համայնքներու դպրոցներու եւ երաժշտանոցներու միջեւ կապի եւ փորձառութեան փոխանակումը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։