Յունիս 6-ի իրիկուան ժամը 11-ին, Երեւան-Սեւան ճամբուն վրայ գտնուող վառելանիւթի կայանին մէջ պատահած է զօրաւոր պայթում մը, որու հետեւանքով հրդեհ ծագած է՝ պատճառ դառնալով եօթը քաղաքացիի վիրաւորուելուն, որոնք փոխադրուած են հիւանդանոց։
Յունիս 7-ի տուեալներով երկու հոգի կը գտնուէին վերակենդանացման բաժնին մէջ։
Քննչական կոմիտէին համաձայն՝ դէպքին առնչութեամբ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։