Յունիս 7-ին, ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած քուէարկութեամբ Հայաստան 148 ձայնով ընտրուեցաւ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի անդամ 2025-27 տարիներու համար:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Հայաստանի գործընկեր պետութիւններուն աջակցութեան համար: Հայաստան յանձնառու է նպաստելու միջազգային համագործակցութեան՝ Կայուն զարգացման 2030 օրակարգի իրագործման ուղղութեամբ»,– նշուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան Դիմագիրքի էջին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։