Կլենտէյլի քաղաքապետ Էլէն Ասատրեան Յունիս 11-20 կ՚այցելէ Հայաստան՝ մասնակցելու ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած Տեղական ժողովրդավարութեան համաժողովին։
Այցի նպատակն է զարգացնել երկկողմ յարաբերութիւնները, ուսումնասիրել տնտեսական կարելիութիւնները եւ խթանել մշակութային ու կրթական փոխանակումները Հայաստանի եւ Կլենտէյլի միջեւ:
Երեւանէն բացի քաղաքապետը կ՚այցելէ նաեւ Գիւմրի եւ հաւանաբար՝ Կապան։
“Ոգեւորուած եմ վերադառնալով իմ ծննդավայր Հայաստան՝ իբրեւ Կլենտէյլի քաղաքապետ, ուր կը բնակի Հայաստանէն դուրս հայերու ամէնէն մեծ համայնքը, որ կը կազմէ մեր քաղաքի բնակչութեան շուրջ 40 առ հարիւրը”,– խօսելով Հայաստան այցի մասին ըսած է Ասատրեան։
Այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են հանդիպումներ Հայաստանի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, լրասփիւռներու, գործարարներու եւ համայնքային կազմակերպութիւններու հետ: ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։