Search
Close this search box.

Ճեյմզ Օ՚Պրայըն. «Պիտի շարունակենք աշխատիլ Հայաստանի հետ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան բնագաւառներուն շուրջ»

Յունիս 11-ին, Երե­ւանի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Հա­յաս­տան-ԱՄՆ ռազ­մա­վարա­կան երկխօ­սու­թեան նիս­տին ելոյթ ու­նե­նալով՝ ԱՄՆ-ու Եւ­րո­պայի եւ Եւ­րա­սիոյ հար­ցե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց (ԱԳ) փոխ­նա­խարար Ճեյմզ Օ՚Պրա­յըն հաս­տա­տած է Հա­յաս­տա­նի հետ երկկողմ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու շրջա­նակին մէջ տար­բեր բնա­գաւառ­նե­րու ցու­ցա­բերուող աջակ­ցութիւ­նը։ 

“Մե­զի հա­մար ոգե­ւորիչ է տես­նել այն մեծ քայ­լե­րը, զորս առած է կա­ռավա­րու­թիւնը, որոշ­նե­րը նաեւ մեր աջակ­ցութեամբ՝ իրա­ւունքի գե­րակա­յու­թիւնը դարձնե­լով հիմ­նա­կան, պայ­քա­րելով եղ­ծանման դէմ, առիթ տա­լով մար­դոց իրենց դիր­քո­րոշումնե­րը ժո­ղովրդա­վար կեր­պով ար­տա­յայ­տե­լու։ Մենք կ՚աջակ­ցինք այս բո­լոր ջան­քե­րուն”,– նշած է ան, աւելցնե­լով թէ ԱՄՆ կ՚օգ­նէ տա­րածաշրջա­նին մէջ մնա­յուն խա­ղաղու­թեան հաս­տատման հո­լովոյթնե­րուն։ 

“Մենք կ՚աշ­խա­տինք նաեւ տնտե­սական կա­րելիու­թիւննե­րու ընդլայնման ուղղու­թեամբ՝ Կեդ­րո­նական Ասիայէն մին­չեւ Մի­ջերկրա­կան ծով։ Եթէ մնա­յուն խա­ղաղու­թիւն հաս­տա­տուի Հա­յաս­տա­նի ու Ազեր­պայճա­նի մի­ջեւ, ապա այդ հնա­րաւո­րու­թիւննե­րը կ՚ընդլայ­նին”,– ման­րա­մաս­նած է ամե­րիկա­ցի դի­ւանա­գէտը։

“Մենք կը շա­րու­նա­կենք աշ­խա­տիլ ար­դա­րադա­տու­թեան բա­րեփո­խումնե­րու, պաշտպա­նու­թեան եւ անվտան­գութեան բնա­գաւառ­նե­րուն մէջ եւս։ Ան­ցեալ տա­րի տե­ղի ու­նե­ցան մեր միատեղ առա­ջին ռազ­մա­փոր­ձե­րը, բայց աւե­լին կ՚ակնկա­լենք։ Մեր ծրա­գիրն այն է, որ այս ռազ­մա­վարա­կան երկխօ­սու­թիւնը փո­խարի­նենք ռազ­մա­վարա­կան գոր­ծընկե­րու­թեան յանձնա­ժողո­վով, որ կա­րելիու­թիւն պի­տի ստեղ­ծէ ա՛լ աւե­լի զար­գացնե­լու ու խո­րաց­նե­լու մեր գոր­ծակցու­թիւնը”,– եզ­րա­փակած է Օ՛Պրա­յըն։

*  *  *

ԱՄՆ-ու Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ­նա­խարա­րին՝ «տնտե­սական կա­րելիու­թիւննե­րը Կեդ­րո­նական Ասիայէն մին­չեւ Մի­ջերկրա­կան ծով» ակ­նարկը կը վե­րաբե­րի Մի­ջին մի­ջանցքին։ Հա­յաս­տա­նի պա­րագա­յին, ըստ ամե­նայ­նի, խօս­քը Թուրքիայէն Ազեր­պայճան տա­նող ճա­նապար­հի մա­սին է՝ Նա­խիջե­ւանով (Ազեր­պայճան) եւ Հա­յաս­տա­նի Սիւ­նի­քի մար­զով։ Պա­քու եւ Ան­գա­րա կը պա­հան­ջեն այսպէս կո­չուած «Զան­գե­զու­րի մի­ջանցք»-ի յա­տուկ կար­գա­վիճակ։ ■