Հինգշաբթի, Մայիս 16-ին, Ֆրանսահայ կապոյտ խաչը, Լիոնի Հայ առաքելական եկեղեցին Կեդրոնական Ֆրանսայի CCAF-ին հետ միասնաբար կազմակերպեցին բարեսիրական ընթրիք մը՝ ի նպաստ Հայաստան ապաստանած արցախահայերուն։
Պրն Կրեկորի Տուսէ մեզ ընդունեց Լիոնի քաղաքապետարանի սրահներուն մէջ այս նշանակալից երեկոյթին համար, որ առիթը ընձեռեց ներկայացնելու Կապոյտ խաչի եւ Եկեղեցւոյ ծրագրերը, որոնք նախատեսուած են արցախցիներու համարկման համար Հայաստանի մէջ։
Ընթրիքին ներկայ էին բազմաթիւ անձնաւորութիւններ՝ Լիոնի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս տիկին Նարինէ Նիկոլեան, Լիոնի Մեթրոփոլի փոխնախագահ տիկին Տիւվիվիէ, ծեակուտական Ժիլպէր-Լիւք Տըվինազ, երեսփոխան տիկիններ Անն Պրիւնիէրա, Սառա Թանզիլի, Շառլոթ Կարին, երեսփոխան պրն Թոմաս Ռոտրիկոս, թեմիս առաջնորդ Գրիգոր եպիսկ. Խաչատրեան, Լիոնի՝ միջազգային յարաբերութիւններու, համագործակցութեան եւ զօրակցութեան գծով փոխքաղաքապետ տիկին Սոնիա Զտորովցոֆ, Ֆրանսայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ պարոն Յովհաննէս Գէորգեան, Եւրոպայի մէջ ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչ տիկին Լիզա Ժիլիպէր, CCAF-ի ազգային գրասենեակի համանախագահ պրն Մուրատ Փափազեան, Կեդրոնական Ֆրանսայի CCAF-ի նախագահ պարոն Րաֆֆի Թանզիլի, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ընտրեալներ, շրջանի միութիւններու պատասխանատուներ եւ անդամներ, հիմնադրամներու ներկայացուցիչներ եւ բարեկամներ:
Քաղաքապետ Կրեկորի Տուսէ բարձր գնահատեց Ֆրանսայի եւ Հայաստանի համագործակցութիւնը եւ կազմակերպիչ միութիւններու աշխատանքը, յայտարարելով քաղաքապետութեան գանձատրական նպաստը Կապոյտ խաչի՝ արցախցիներու բնակարանաշինութեան ծրագրին: Ելոյթներով անոր յաջորդեցին տիկին Նարինէ Նիկոլեան եւ պարոն Յովհաննէս Գէորգեան։
Այնուհետեւ խօսք առաւ Ֆրանսահայ կապոյտ խաչի նախագահ տիկին Սեւան Մարտիրոսեան։ Ան իր ելոյթին մէջ ներկայացուց «Յոյսի օճախներ» ծրագիրը, որու նպատակն է Հայաստանի մէջ ամուր հիմքեր հաստատել արցախահայութեան համար՝ մշակելի հողով բնակարաններ ապահովելով եւ երաշխաւորելով անոնց համարկումը տեղական կեանքին՝ ապրուստի միջոցներով եւ ընտանիքներու համար արժանապատիւ բնակարանով՝ անհրաժեշտ ենթակառոյցներ (դպրոցներ, խնամքի հասանելիութիւն եւ այլն) ունեցող գիւղերու մէջ: Այնուհետեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմական խորհուրդի նախագահ պրն Ռիշար Կազարեան ներկայացուց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ՝ արցախցիներու բարոյատնտեսական աջակցութեան ծրագիրը։ Ապա ցուցադրուեցան այս ծրագրերուն մասին պատրաստուած տեսանիւթեր ներկաներուն, անոնց մանրամասն բացատրութիւններ տալու եւ բոլորին առատաձեռնութեան կոչ ընելու համար:
Երեկոյթի աւարտին՝ պարոն Մուրատ Փափազեան յիշեց, որ հակառակ հանգամանքներուն՝ մենք չենք մոռնար ո՛չ Արցախը, ո՛չ ալ Պաքուի մէջ պահուող բանտարկեալները։ Ան այսպէսով կոչ ըրաւ Լիոնի քաղաքապետին միանալու պատուիրակութեան, որ կը պահանջէ անոնց ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ կը դատապարտէ COP29 համաժողովի կազմակերպումը Պաքուի մէջ 2024-ի տարեվերջին մօտ, կոչ ըրաւ նաեւ մերժելու Ֆրանսայի մասնակցութիւնը այդ համաժողովին։
Երեկոյթը վերջ գտաւ բազմաթիւ նուիրատւութիւններու խոստումներով եւ բազմաթիւ շփումներով ընտրեաներու հետ, որոնք խիստ հետաքրքրուած էին այս ծրագրերով:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։