«Ստեփանակերտի քաղաքապետին կալանքի տակ պահելը ես համարում եմ քաղաքական հետապնդում։ կապուած իր կողմից վերջին շրջանին Բագրատ Սրբազանի շարժումին միանալու կամ աջակցելու հետ»,– Յունիս 13-ին, դատարանէն դուրս ելած պահուն յայտարարած է Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան։
«Ուզում եմ նշել, որ արցախցիները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան (ՀՀ) ոեւէ քաղաքացի իրաւական եւ բարոյական բոլոր իրաւունքները ունեն մասնակցելու իրենց իսկ նախընտրած շարժումին եւ արտայայտել իրենց կարծիքը, քանի որ մենք համարում ենք, որ Արցախի քաղաքացիները հանդիսանում են նաեւ ՀՀ քաղաքացիներ, ունեն անձնագրեր, չնայած ՀՀ կառավարութիւնը համապատասխան որոշումով մեզ համարել է յատուկ պաշտպանութեան անձինք»,– ըսած է ան, միաժամանակ նաեւ դատապարտած է նախորդ օրը տեղի ունեցած ոստիկանական գործողութիւնները, ըսելով, թէ ոստիկանութիւնը պէտք է զերծ մնայ բռնի ուժ կիրակելէ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։