Search
Close this search box.

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ – «Ռուբէն Սեւակ» թանգարանին մէջ բացուած է «Լոյսի մայր տաճարը» խորագրով ցուցահանդէսը

 

Յունիս 15-ին, Մայր Աթո­ռի «Ռու­բէն Սե­ւակ» անու­նը կրող թան­գա­րանին մէջ, Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի նշխար­նե­րու գիւ­տի տօ­նին առի­թով բա­ցուած է «Լոյ­սի մայր տա­ճարը» խո­րագ­րով ցու­ցա­հան­դէ­սը:

Բաց­ման խօս­քով հան­դէս եկած է Մայր Աթո­ռի Թան­գա­րան­նե­րու եւ ար­խի­ւի տնօ­րէն Ասո­ղիկ աբե­ղայ Կա­րապե­տեան:

Արուես­տա­բան, Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին պատկե­րա­ս­րա­հի աւագ գի­տաշ­խա­տող Մար­գա­րի­տա Խա­չատ­րեան անդ­րա­դար­ձած է նկա­րիչ, ճար­տա­րապետ Լու­սի­նէ Դա­նիէլ­եանի նկար­չա­կան արուես­տին եւ ներ­կա­յա­ցու­ցած պատ­կերնե­րուն: 

“Հրա­ւիրեալ­նե­րի խուռնե­րամ բազ­մութիւ­նը շրջե­լով «Ռու­բէն Սե­ւակ» թան­գա­րանի սրահ­նե­րով՝ հա­ղորդ դար­ձաւ «Լոյ­սի մայր տա­ճարը» խո­րագ­րով նկա­րաշար­քի արուես­տին, որից յի­րաւի ճա­ռագում է լոյս, յոյս եւ պատ­գամ՝ Ս. Էջ­միած­նի աս­տուածա­յին պատ­գա­մը Լու­սի­նէ Դա­նիէլեանի մեկ­նա­բանու­թեամբ”,– ըսած է ան:

Ներ­կա­ները առիթ ու­նե­ցած են վա­յելե­լու նաեւ «Սա­րեան» լա­րային քա­ռեակի երաժշտա­կան կա­տարումնե­րը՝ հայ հո­գեւոր եր­գեր, Մո­ցարթ, Ղ. Սա­րեան, Կո­միտաս վար­դապետ: ■