Կիրակի, Մայիս 26-ին, Փարիզի Երաժշտութեան թանգարանի յարկին տակ (Musée de la musique)՝ «Հեքիաթը թանգարանի մէջ» ծրագրի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանի «Հեքիաթ եւ երաժշտութիւն» խորագրեալ հեքիաթասացութեան ցերեկոյթը նուիրուած՝ հայկական հեքիաթներու, ուղղուած հինգ տարեկանէն վեր երեխաներու համար։ Ներկայացումի հեղինակներն էին՝ Սոնիա Գոսքաս իբրեւ հեքիաթասաց եւ Անուշ Տօնապետեան-Գրիգորեան՝ երաժիշտ-քամանչահար։
Երեխաներու նուիրուած հեքիաթային երեկոյթները հազուագիւտ են հայկական մշակութային կեանքին մէջ։ Ուրախալի նախաձեռնութիւն մըն էր Երաժշտութեան թանգարանի սոյն ծրագիրը, նաեւ հաճելի՝ նկատի ունենալով հրամցուած հեքիաթային աշխատանքին զգայուն որակը։
Ձեռնարկը հայկական աշխարհ ճամբորդելու հրաւէր մըն էր՝ հեքիաթներու միջոցով։ Պատմուեցան երեք պատմութիւններ՝ Յովհաննէս Թումանեանի «Անյաղթ աքլորը»-ն ու «Անխելք մարդը», եւ Ֆրետերիք Մաքլէրի «Ոսկէ ձուկը» («Հայկական հեքիաթներ» հատորէն, 1905)։ Սոնիա Գոսքասի պատումին մերթ ընդ մերթ կ՚ընկերանար Անուշ Տօնապետեան-Գրիգորեանի քամանչան ու երգը։ Ձայնի ու խօսքի համադրումի գեղեցիկ պահեր, որոնք գրաւեցին երեխաներուն ուշադրութիւնը եւ փոխադրեցին դարերու ընթացքին հասունցած ճշմարտութիւններու հեքիաթաշխարհը։
Թ. Շ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։