«Ասպարէզ» – Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ բարձրաստիճան ծերակուտականներ Ճեք Ռիտ, Շելտըն Ուայթհաուս եւ շուրջ 20 այլ ծերակուտականներ նամակով մը դիմեցին նախագահ Ճօ Պայտընին՝ պահանջելով, որ Ուաշինկթըն յատկանշական կերպով աւելցնէ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերուն համար նկատի առնուած աջակցութեան ծաւալը։
20 Յունիս թուակիր նամակին մէջ կը շեշտուի հետեւեալը. «Նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ մենք միայն վերջերս ոգեկոչեցինք Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը, Միացեալ Նահանգներ պէտք է քայլերու ձեռնարկէ, որպէսզի հայերու նկատմամբ հալածանքները երբեք չկրկնուին: Այս մէկը կարելի է ընել Հայաստանին յաւելեալ մարդասիրական եւ տնտեսական աջակցութիւն տրամադրելով, հայ-ամերիկեան կապերը ամրապնդելով եւ Ազերպայճանը պատասխանատւութեան ենթարկելով»:
Նամակին մէջ կը յիշեցուի, որ ներկայիս Հայաստան կ՚ապրին աւելի քան 115.000 արցախցի գաղթականներ, ներառեալ՝ 36.000 մանուկներ, «որոնք բռնի տեղահանուած են Ազերպայճանի կողմէ»։
Ծերակուտականները կը շեշտեն, թէ Հայաստան կարիքը ունի մօտաւորապէս 2 միլիառ տոլար օգնութեան՝ գոհացնելու համար գաղթականներուն կենսական կարիքները, մինչդեռ Ամերիկա Հայաստանին ցարդ տրամադրած է ընդամէնը 15 միլիոն տոլար մարդասիրական օգնութիւն:
Այս նախաձեռնութեան կողքին, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը աշխատանք կը տանի (anca.org/FY25aid) վաւերացնել տալու Ներկայացուցիչներու տան 2025-ի արտաքին օժանդակութիւններու բանաձեւին (H.R.8771) երեք յաւելուածներ, որոնք կը վերաբերին արցախցիներուն տրամադրուող օժանդակութեան ծաւալներու աճին, Ազերպայճանի ցուցաբերուող օժանդակութիւններու կասեցման եւ ցեղասպանական գործողութիւններու համար Պաքուն պատասխանատւութեան ենթարկելու ջանքերուն։
Հայանպաստ նախագիծերը ներկայացուած են Գոնկրէսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ֆրենք Փալոնի, ինչպէս նաեւ Նիքոլ Մալիոթաքիսի (թիւ 146 յաւելուած), Տինա Թայթըսի (թիւ 51 յաւելուած) եւ Մայք Լոլըրի ու Գոնկրէսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Կաս Պիլիրաքիսի կողմէ (թիւ 54 յաւելուած)։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։