Հայաստանի մէջ տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը 2024 թուականի Յունուար-Մայիս ամիսներուն նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ աճած է 11,2 տոկոսով:
Հայաստանի Ելմտական նախարարութեան հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ հիմնական աճը արձանագրուած է հետեւեալ ոլորտներուն մէջ.
– Արդիւնաբերութիւն՝ 22 %
– Ծառայութիւններ՝ 3,7 %
– Առեւտուրի շրջանառութիւն՝ 24,6 %
– Շինարարութիւն՝ 14,9 %
– Արտածում՝ 2,5 անգամ
– Ներածում՝ 99,6 %:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։