Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – «Հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը» խորագրով գիտաժողովի զեկոյցներու ժողովածուին շնորհահանդէսը

CED-CEDIF

Յունիս 25-ին, Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան յար­կին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Հայ­կա­կան պատ­մամշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութիւ­նը» (« Le Patrimoine des Arméniens ») խո­րագի­րը կրող հա­տորին շնոր­հա­հան­դէ­սը։

Ֆրան­սա­յի Մշա­կոյ­թի նա­խարա­րու­թեան նա­խաձեռ­նութեամբ հրա­տարա­կուած սոյն ժո­ղովա­ծուն կ՚ամ­փո­փէ 2023 Դեկ­տեմբեր 19-ին Ֆրան­սա­յի պատ­մամշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան հիմ­նարկին (INP) մէջ ըն­թա­ցած նոյ­նա­նուն խո­րագի­րը կրող գի­տաժո­ղովին զե­կոյցնե­րը։ 

Գիր­քին մէջ ներ­կա­յացուած են գի­տաժո­ղովի մաս­նա­կից, Ֆրան­սա­յի նշա­նաւոր կա­ռոյցնե­րու՝ Լուվրի, Ազ­գա­յին երկրա­գիտու­թեան թան­գա­րան­նե­րու, Շա­յոյի պատ­մութեան եւ հնա­գոյն յու­շարձան­նե­րու պահ­պա­նու­թեան բարձրա­գոյն կրթու­թեան կեդ­րո­նի, Արե­ւել­քի քրիս­տո­նեաներ (l’Oeuvre d’Orient) կազ­մա­կեր­պութեան, Թու­մօ ստեղ­ծա­րար ար­հեստա­գիտու­թիւննե­րու կեդ­րո­նի, Հա­յաս­տա­նի մէջ հաս­տա­տուած «ReSchool» նա­խաձեռ­նութեան ներ­կա­յացու­ցիչնե­րուն զե­կոյցնե­րը։

Ժո­ղովա­ծուին մէջ զե­կոյցնե­րու ընդմէ­ջէն ներ­կա­յացուած են ֆրան­քեւհայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին հա­մագոր­ծակցու­թեան մար­զին մէջ իրա­կանա­ցուող կա­րեւոր նա­խաձեռ­նութիւննե­րը, Ար­ցա­խի՝ վտան­գի տակ գտնուող պատ­մամշա­կու­թա­յին հա­րուստ ժա­ռան­գութեան եւ անոր մի­տումնա­ւոր ոչնչաց­ման ու խե­ղաթիւրման ուղղուած ազեր­պայճա­նական քա­ղաքա­կանու­թիւնը, ինչպէս նաեւ ժա­մանա­կակից ար­հեստա­գի­տու­թիւննե­րու կի­րար­կումով ան­հե­տաց­ման եզ­րին գտնուող հայ­կա­կան ժա­ռան­գութեան պահ­պա­նու­թեան ուղղու­թեամբ իրա­գոր­ծուող ծրագ­րե­րը:

Տի­կին Տոլ­մա­ջեան իր ելոյ­թին երախ­տա­գիտու­թիւն յայտնեց Ֆրան­սա­յի Մշա­կոյ­թի նա­խարա­րու­թեան, մաս­նա­ւորա­պէս՝ Հա­մաշ­խարհա­յին ժա­ռան­գութեան առա­քելու­թեան ղե­կավար Պրիւ­նօ Ֆա­վելին՝ 2023 Դեկ­տեմբե­րին հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան նուիրուած գի­տաժո­ղովին նա­խա­ձեռ­նե­լուն եւ հոն ներ­կա­յացուած զե­կոյց­նե­րը ամ­փո­փող ժո­ղո­վա­ծուն հրա­տա­րա­կե­լուն հա­մար։

Շնոր­հա­հան­դէ­սին ներ­կայ էին Ծե­րա­կոյ­տի փոխ­նա­խագահ Փիէր Ուզուլիաս, Ազ­գային երկրա­գիտութեան եւ Ֆրան­սա­յի հայ­կա­կան թան­գարան­նե­րու տնօրէն­նե­րը, ֆրան­սա­կան մշա­կութա­յին կա­ռոյց­ներու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ները։