Search
Close this search box.

Իրանի նախագահական ընտրութիւն – ոչ ոք ընտրուած է առաջին փուլէն 

Մասուտ Փեզեշքեան

 

Երկրորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ բարեփոխականի մը եւ ծայրայեղ պահպանողականի մը միջեւ

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի՝ ուղղաթիռի արկածի մը զոհ երթալէն մէկ ամիս ետք՝ Ուրբաթ, Յունիս 28-ին տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութեան առաջին փուլը։

Առաջին դիրքի վրայ հասած բարեփոխական թեկնածու Մասուտ Փեզեշքեան գալ Ուրբաթ՝ երկրորդ փուլին պիտի պայքարի ծայրայեղ պահպանողական Սաիտ Ճալիլիի դէմ, թեկնածուներէն ոչ մէկը յաջողած ըլլալով  ապահովել բացարձակ մեծամասնութիւն:

Ըստ իրանական օրէնքին՝ ընտրուելու համար թեկնածուն պէտք է ստացած  ըլլայ ձայներու աւելի քան 50%-ը: Հակառակ պարագային առաջին փուլի երկու լաւագոյն թեկնածուները մէկ շաբաթ յետոյ կ՚առճակատին երկրորդ փուլին։

Արդիւնքները հրապարակուած են Շաբաթ, Յունիս 29-ին իրանական պետական ​​հեռատեսիլէն սփռուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին՝ ընտրութիւններու բանբեր Մոհսեն Էսլամիի կողմէ:

Այդ արդիւնքներուն համաձայն՝ 24,5 միլիոն ընդհանուր քուէներէն 10,4 միլիոնը ստանալով առաջին դիրքի վրայ հասած է չափաւոր Մասուտ Փեզեշքեան, մինչ իրեն յաջորդող Ճալիլի ստացած է 9,4 միլիոն քուէ։

Բայց եւ այնպէս, այս առաջին շրջանին կարեւորագոյն յատկանիշը հանդիսացած է մասնակցութեան շատ ցած տոկոսը՝ 40%։ Սա՝ 1979-ի իսլամական յեղափոխութենէն ի վեր՝ ընտրութեան մը մասնակցութեան ամէնէն ցած ցուցանիշն է եւ անկասկած արժանի՝ վերլուծութիւններու:

Փեզեշքեան. «Հպարտ կը զգամ իմ թրքութեամբ»

Ըստ թրքական լրասփիւռներուն՝ Մասուտ Փեզեշքեան ազերպայճանցի թուրք է։ Հինգ շրջան երեսփոխան ընտրուած 70-ամեայ սրտաբան-վիրաբուժը մեծ թիւով ձայներ ստացած է յատկապէս թուրքերու, քիւրտերու եւ պելուչներու բազմաշատ եղած շրջաններուն մէջ։

Նոյնպէս ըստ թրքական լրասփիւռներուն՝ ան տեղական մամուլին յայտարարած է. “Ես թուրք եմ։ Հայրս ու մայրս թուրք են։ Հպարտ կը զգամ իր թրքութեամբ։ Տան մէջ իմ զաւակներուն հետ թրքերէն կը խօսիմ, ոչ թէ պարսկերէն”։