Search
Close this search box.

Ֆրանսայի դեսպանը այցելած է Սպիտակ քաղաքը

 

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի Յունիս 29-ին այցելած է Սպիտակ։ Ան նախ յարգանքի տուրք մատուցած է 1988 Դեկտեմբեր 7-ի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին, ծաղկեպսակ զետեղելով քաղաքին մէջ կառուցուած յուշարձանին առջեւ։

Դեսպանը այնուհետեւ այցելած է ատամնաբուժական կեդրոնը, որ հիմնուած է ու կը գանձատրուի Ֆրանսահայ բժիշկներու միութեան եւ «Յոյս Հայաստանի համար» կազմակերպութեան կողմէ։ Այնտեղ տարեկան 4.000 անվճար այց կ՚ընդունուի, իսկ բուժում ստացողներուն 20 առ հարիւրը Արցախէն տեղահանուածներն են։

Օլիվիէ Տըքոթինյի այցելած է նաեւ Սպիտակի «Դանիէլ Սահակեան» դպրոցը, որ կը վայելէ Ֆրանսայի աջակցութիւնը։