Հայաստան այս տարի առաջին անգամ ըլլալով 10 միլիոն եւրօ պիտի ստանայ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) Խաղաղութեան հիմնադրամէն. Հունգարիա վերցուցած է այս օգնութեան վրայ դրած արգելքը։
ԵՄ-ի դիւանագիտական աղբիւրներուն համաձայն՝ «Միութեան անդամ բոլոր երկիրները այլեւս պատրաստ են կանաչ լոյս վառելու եւ կ՚ակնկալուի, որ նախագիծը նախ կը հաստատուի Յուլիս 17-ին՝ անդամ երկիրներու դեսպաններու, ապա Յուլիս 22-ին՝ Արտաքին գործոց նախարարներու նիստին»։
Ապրիլ ամսուն Հունգարիա վեթօ դրած էր նախագծին վրայ՝ պահանջելով, որ Ազերպայճան եւս օգնութիւն ստանայ ԵՄ-ի Խաղաղութեան հիմնադրամէն։
Ըստ երեւոյթին, Պուտափեշտի այդ առաջարկը չէ ընդունուած, սակայն փակուղիէն դուրս ելլելու համար ընտրուած է փոխզիջումային տարբերակ՝ Պաքուին գումար կը տրամադրուի ոչ թէ նշեալ հիմնադրամէն, այլ առանձին՝ ականազերծման աշխատանքներուն համար։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։