Search
Close this search box.

ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ – ԿԱԼԿԱԹԱ – Զաքարիա սարկաւագ Թադէոսեան. «Հնդկահայ գաղթօճախի պատմութեան խօսուն վկաները հայկական եկեղեցիներն են»

Հնդկահայոց թեմի հոգեւոր հովւութեան սպասաւոր Զաքարիա սարկաւագ Թադէոսեան «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին յայտնած է, թէ Հնդկաստանի մէջ հայկական գաղթօճախի երբեմնի հզօր պատմութեան խօսուն վկաները հայկական եկեղեցիներն են, որոնք էական դերակատարութիւն ունին հնդկահայ համայնքի կեանքին եւ ընդհանրապէս հայապահպանութեան մէջ:

Ան նշած է, թէ Հնդկաստանի մէջ կը գործէ եօթը հայկական եկեղեցի։ Անոնցմէ՝ Սուրբ Նազարէթ (որոշ աղբիւրներու համաձայն՝ հիմնադրուած 1707-ին), Սուրբ Երրորդութիւն (հիմնադրուած 1867-ին) եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ (հիմնադրուած 1906-ին) եկեղեցիները կը գտնուին Կալկաթա քաղաքին մէջ:

«Սուրբ Նազարէթ եկեղեցւոյ բակին մէջ կը գտնուի Կալկաթայի ամէնէն հին քրիստոնէական գերեզմանը (1630), ուր ամփոփուած է Ռեզապէպէ Սուքիասի աճիւնը։ Նոյն եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կը գտնուին նաև հայ ազատագրական պայքարի գործիչ Յովսէփ Էմինի, Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական ճեմարանի հիմնադիր Աստուածատուր Մուրադխանեանի, Դաւթեան օրիորդաց վարժարանի հիմնադիր Դաւիթ Դաւթեանի եւ այլոց գերեզմանները: 

Կալկաթայէն բացի Հնդկաստանի այլ քաղաքներու մէջ եւս կը գործեն հայկական եկեղեցիներ․ Չինսուրայի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ հայկական եկեղեցին՝ կառուցուած 1697-ին, Հնդկաստանի ամէնէն հին հայկական եկեղեցին է։ 

Մատրասի մէջ (այժմ՝ Չեննայ – Chennai) կը գտնուի Սուրբ Աստուածածին հայոց եկեղեցին՝ կառուցուած 1712-ին, որու բակին մէջ ամփոփուած են հայկական առաջին ամսագրի հիմնադիր եւ խմբագիր Տ․ Յարութիւն աւագ քահանայ Շմաւոնեանի, յայտնի բարերար եւ հասարակական-քաղաքական գործիչ Շահամիր Շահամիրեանի եւ այլ հայորդիներու աճիւնները։ Չեննայ կը գտնուի նաեւ նշանաւոր բարերար Խոճա Պետրոս Ոսկանի գերեզմանը։ 

Սայտապատի մէջ կը գործէ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին՝ կառուցուած 1758-ին, իսկ Մումպայի մէջ՝ Սուրբ Պետրոս հայոց եկեղեցին՝ կառուցուած 1796-ին։ 

Մայրաքաղաք Նիւ Տելհիի մէջ գոյութիւն ունի հայկական մատուռ մը, որ, ցաւօք սրտի, իբրեւ այդպիսին չի գործեր»,– մանրամասնած է Զաքարիա սարկաւագ։

Ան ընդգծած է, թէ հայերու թիւը Հնդկաստանի մէջ զգալիօրէն նուազած է՝ հասնելով շուրջ 200-ի:

«Հնդկահայոց հոգևոր հովւութիւնը Հնդկաստան բնակող հայորդիներու հոգևոր կարիքները հոգալու համար Սուրբ Պատարագ կը մատուցանէ երկրին մէջ գործող բոլոր հայկական եկեղեցիներու մէջ և կը կազմակերպէ ուխտագնացութիւններ, որոնց կը մասնակցին նաև ճեմարանականները։ Բացի անկէ, Ճեմարանի տեսչութիւնը և Սուրբ Նազարէթ հայոց եկեղեցւոյ վարչութիւնը տարուան ընթացքին, մասնաւորապէս Կալկաթայի մէջ, կը կազմակերպեն զանազան միջոցառումներ, որոնց կը հրաւիրուին ու կը մասնակցին կալկաթաբնակ բոլոր հայորդիները»,յայտնած է  Զաքարիա սարկաւագ:

Ան աւելցուցած է, թէ հնդկահայերու համար բաւական մեծ դերակատարութիւն ունի Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական ճեմարանը, որ աշխարհի մէջ գործող ամէնէն հին հայկական կրթական հաստատութիւնն է՝ հիմնադրուած 1821-ին:

«Ճեմարանը՝ հնդկահայ գաղթօճախի անբաժանելի մասն է եւ բաբախող սիրտ՝ գաղութի կեանքին մէջ: Հոն կ՚ուսանի վաթսուն հայ աշակերտ՝ տարբեր երկիրներէ, ներառեալ՝ Հայաստանէն, Հնդկաստանէն, Իրանէն, Իրաքէն, Միանմարէն եւ Ռուսաստանէն: Ճեմարանի ուսուցումը անգլերէնով է, բացառութեամբ՝ «Հայոց լեզու եւ գրականութիւն», «Հայոց պատմութիւն», «Հայոց եկեղեցւոյ պատմութիւն», «Հայրենագիտութիւն» առարկաներու։ Դպրոցը պաշտօնապէս արձանագրուած եւ պետականօրէն ճանչցուած է Հնդկաստանի Կրթութեան նախարարութեան կողմէ։ Կրթական ծրագիրն ու չափորոշիչները կը համապատասխանեն Տելհիի կրթական համակարգին: Ճեմարանի կրթութիւնը տասնամեայ է, զոր «լաւ» կամ «գերազանց» գնահատականներով աւարտելէ ետք, հայ տղաքն ու աղջիկները կրնան երկու տարի իրենց ուսումը շարունակել Կալկաթայի «La Martinière» անգլիական գոլէճին մէջ։ Սոյն գոլէճը բարձր յառաջադիմութեամբ աւարտած հայ պատանիներուն բացառիկ կարելիութիւն կը տրուի՝ իրենց ընտրութեամբ եւ Ճեմարանի տեսչութեան համաձայնութեամբ Հնդկաստանի որեւէ համալսարանի մէջ շարունակելու իրենց ուսումը։ Ներկայիս ունինք շրջանաւարտներ, որոնք կ՚ուսանին Կալկաթայի տարբեր համալսարաններու մէջ։ 

Մարդասիրական ճեմարանը կը հոգայ իր բոլոր աշակերտներուն եւ Հնդկաստանի մէջ հայ ուսանողներու ուսման, կեցութեան, սնունդի, հագուստի, բժշկութեան եւ ճամբորդութեան ծախսերը։ Ճեմարանը կը գտնուի Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հայրական օրհնութեան, անմիջական ուշադրութեան, խնամքին եւ ամէնօրեայ հոգածութեան ներքոյ»,նշած է Զաքարիա սարկաւագ։

Ան ընդգծած է նաեւ Կալկաթայի մէջ 1922-ին մեծանուն բարերար Դաւիթ Դաւթեանի նիւթական միջոցներուն ու ջանքերուն շնորհիւ կառուցուած Օրիորդաց վարժարանին դերը: Զաքարիա սարկաւագ դիտել տուած է, թէ Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական ճեմարանը եւ Դաւթեան օրիորդաց վարժարանը կան, գոյութիւն ունին եւ կը շարունակեն իրենց կրթական հայանպաստ գործունէութիւնը Հնդկահայոց հոգեւոր հովւութեան եւ Սուրբ Նազարէթ եկեղեցւոյ վարչութեան դրսեւորած ջանքերուն շնորհիւ:

Ի դէպ, Ճեմարանը այս օրերուն յայտարարած է ընդունելութիւն 7-11 տարեկան հայ տղոց եւ աղջիկներու համար։ Փափաքողները յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնան գրել contact@armeniancollege.edu․in ելեկտրոնային հասցէին։

Մանուէլ Մարգարեան

«Արմէնփրէս», 2024 Յունիս 29

Արեւմտահայերէնի պատշաճեցումը՝ «ՆՅ»