Search
Close this search box.

Կարէն Խանլարեան. «Իրանի նոր նախագահը թուրք չէ. Էրտողանի արտայայտութիւնը պատմական խեղաթիւրում է» 

 

“Իրանի ար­տա­քին քա­ղաքա­կան ու­ղին բո­լորիս պարզ է, հիմ­նա­կան ռազ­մա­վարու­թիւնը եւ այդ ռազ­մա­վարու­թե­նէն բխած քա­ղաքա­կանու­թիւնը կը ճշդուին կար­միր գծե­րով՝ երկրի հոգեւոր առաջ­նորդ Այա­թոլ­լա Խա­մենէիի մի­ջոցով։ Աւան­դա­բար նա­խագահն ու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րը կը տնօ­րինեն եւ կը գործադրեն այդ ռազ­մա­վարութիւ­նը եւ այդ իմաս­տով հիմ­նա­կան փո­փոխու­թիւններ չեմ կար­ծեր, որ տե­ղի կ՚ու­նե­նան՝ նա­խագահ Մա­սուտ Փե­զեշ­քեանի ընտրու­թեամբ”,– Yerkir.am-ի հետ զրոյ­ցին յայտնած է Իրա­նի Իս­լա­մական Հան­րա­պետու­թեան Խորհրդա­րանի նախ­կին երես­փո­խան (2012-2020) Կա­րէն Խան­լա­րեան՝ պա­տաս­խա­նելով հար­ցումին, թէ՝ Իրա­նի նոր նա­խագա­հի պաշ­տօ­նավար­ման օրօք կա­ռավար­ման հա­մակար­գին մէջ ի՞նչ փո­փոխու­թիւններ տե­ղի կ՚ու­նե­նան։

Դի­տար­կումին՝ թէ Էր­տո­ղան յայ­տա­րարած է, որ «Մա­սուտ Փե­զեշ­քեան իրա­կանու­թեան մէջ ար­մատնե­րով թուրք է», Խան­լա­րեան պա­տաս­խանած է.

“Էր­տո­ղանի ըսա­ծը պատ­մա­կան խե­ղաթիւ­րում է. Իրա­նի մէջ չկան թուրքեր, կամ շատ քիչ, աննշան թի­ւով թուրքեր կան։ Իրա­նի մէջ կան ատրպա­տական­ցի­ներ, այ­սինքն՝ Ատրպա­տակա­նի պատ­մա­կան երկրա­մասէն, Իրա­նի հիւ­սիս-արեւմտեան շրջան­նե­րէն սե­րած ժո­ղովուրդի մա­սին է խօս­քը, որ պատ­մա­կան հա­մապա­տաս­խան ժա­մանա­կաշրջա­նին՝ 16-րդ, 17-րդ դա­րերուն թրքա­խօս դար­ձած է, այ­սինքն՝ երբ Ատրպա­տակա­նը կը գտնուէր Օս­մա­նեան կայսրու­թեան տի­րապե­տու­թեան տակ՝ ար­գի­լուած էր պարսկե­րէն խօ­սիլ, ով որ պարսկե­րէն խօ­սէր լե­զուն կը կտրէին, սա հրա­ման էր սուլթա­նին կող­մէ եւ այդ պատ­ճա­ռով այդ երկրա­մասի ժո­ղովուրդը աս­տի­ճանա­բար դար­ձաւ թրքա­խօս, բայց՝ չդար­ձաւ թուրք, անոնք թուրք չեն եւ թրքա­կան ծա­գում չու­նին։ Այնպէս որ, Էր­տո­ղանի յայ­տա­րարու­թիւնը պատ­մա­կան իրո­ղու­թեան հետ աղերս չու­նի”։

Ըստ նախ­կին երես­փո­խանին՝ Իրա­նի նոր նա­խագա­հը ինքնա­հաս­տատման նպա­տակով կը փոր­ձէ զարկ տալ Հա­յաս­տան-Իրան փոխ­յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն, որ­պէսզի ապա­ցու­ցէ, որ ինք չի շար­ժիր փան­թուրքութեան մղումնե­րով, ինչպէս՝ Էր­տո­ղան եւ միւսնե­րը կը յայ­տա­րարեն։ “Ատոր զու­գա­հեռ, բնա­կանա­բար, ան կ՚ող­ջունէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան որոշ նա­խաձեռ­նութիւ­ներ՝ «Խա­ղաղու­թեան խաչ­մե­րուկ» եւ այլն”,– ըսած է նախկին երեսփոխանը։

Ինչ կը վե­րաբե­րի «Սիւ­նի­քի մի­ջանցք»-ի նիւ­թին, Խան­լա­րեան վստա­հեցու­ցած է, որ այդ հար­ցին մէջ Իրա­նի կե­ցուած­քը յստակ է, կար­միր գի­ծերը ան­փո­փոխ կը մնան։ Ըստ անոր՝ թե­րեւս փո­փոխու­թիւն ըլ­լայ Փե­զեշ­քեանի խօ­սոյ­թին մէջ՝ «մի­ջանցք» բա­ռը «եր­թե­ւեկու­թեան հա­ղոր­դակցու­թիւն»-ով փո­խարի­նելու առումով։ ■