Search
Close this search box.

ՎՐԱՍՏԱՆ – ԵՄ – «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքի որդեգրումէն ետք՝ ԵՄ պատիժներ կը կիրարկէ Վրաստանին

Փաւէլ Հերչինսքի

 

ԵՄ-ին անդամակցութեան գործընթացը կասեցուած է,

սառեցուած է պաշտպանութեան ոլորտին նախատեսուած նպաստը

Վրաստանը այնքան տակնուվրայ ըրած եւ հակառակ նախագահուհի Սալոմէ Զուրապիշվիլիի վեթոյին՝ հակաարեւմտեան նկատուող «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքին (ծանօթ՝ «Օտար գործակալներու մասին օրէնք» անուանումով) կառավարութեան կողմէ որդեգրումէն ետք չուշացաւ Եւրոպական Միութեան խիստ հակազդեցութիւնը։ 

Արդարեւ, Վրաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Փաւէլ Հերչինսքի Յուլիս 9-ին յայտարարած է, թէ խնդրայարոյց օրէնքին պատճառով կասեցուած է Վրաստանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացը։ Ան ըսած է, թէ միայն Վրաստանէն եւ վրացիներէն կախեալ է, թէ որքան արագ երկիրը կը դառնայ ԵՄ-ի անդամ։ 

Նոյն առիթով ան նաեւ հաղորդած է թէ ԵՄ-ը կը սառեցնէ  Վրաստանի պաշտպանունակութեան ամրապնդման համար նախատեսուած 30 միլիոն եւրոյի տրամադրումը։

Եւ դեռ Հերչինսքի աւելցուցած է, որ ասոնք ԵՄ-ի կողմէ ձեռնարկուած միայն առաջին քայլերն են վիճայարոյց օրէնքի որդեգրումէն ետք։ 

Կարելի չէ չմտածել, որ հաւանաբար ճիշդ ալ այս էր Ռուսաստանի հետապնդած նպատակը, Վրաստանի ռուսամէտ իշխանութեան լծակով։