«Հայաստան 2041» հիմնադրամի «Ուժեղ Սփիւռք» դրամաշնորհային ծրագրի դիմումներու ընդունման փուլը աւարտած է. 174 դիմումներ կատարուած են 27 երկիրներէ, ներառեալ՝ Աւստրալիա, Պրազիլ, Ինտոնեզիա, Լիբանան, Գանատա:
Այս կապակցութեամբ «Ուժեղ Սփիւռք» ծրագրի խումբի հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է.
«“Ուժեղ Սփիւռք” ծրագիրը նպատակ ունի հզօրացնելու աշխարհասփիւռ հայութիւնը եւ դրական ազդեցութիւն գործելու հայկական համայնքներու վրայ: Ներկայացուած գաղափարները բազմազան են՝ հոգեկան առողջութեան բարելաւում, միջազգային համաժողովի կազմակերպում, հայկական բաղադրատոմսերու վերարժեւորում, փոտքասթերու պատրաստութիւն եւ այլն:
“Ուժեղ Սփիւռք” ծրագիրը կը տրամադրէ 10 դրամաշնորհ՝ իւրաքանչիւրը 10.000 տոլար, Սփիւռքի մէջ բնակող հայերուն եւ այն անհատներուն ու խումբերուն, որոնք ունին գաղափարներ, թէ ինչպէս պահպանել եւ խթանել հայկական ժառանգութիւնն ու լեզուն եւ ստեղծարար լուծումներով ներգրաւել երիտասարդութիւնը՝ հայկական համայնքները հզօրացնող նախաձեռնութիւններուն մէջ: Ծրագիրը նաեւ կը խրախուսէ Սփիւռքի տարբեր համայնքներու միջեւ համագործակցութիւնը:
Ինչպէս ծրագրի անունէն յայտնի է, դրամաշնորհներու միջոցով մենք կ՚ուզենք հզօրացնել Սփիւռքը եւ ոգեշնչել հայկական համայնքներու այն ներկայացուցիչները, որոնք ունին նորարար գաղափարներ եւ զանոնք իրագործելու համար քաջալերութեան կարիք»,– յայտնած է Նուպար Աֆէեան՝ «Հայաստան 2041» հիմնադրամի համահիմնադիրը: «Այսպէսով մենք կ՚ուզենք նաեւ մեր երախտագիտութիւնը յայտնել բոլոր այն հայերուն, որոնք միշտ աշխուժ ու նուիրական աշխատանք կը տանին Սփիւռքի մէջ եւ հաւատարիմ կը մնան իրենց արմատներուն ու ժառանգութեան: Օգնելով այս հայերուն՝ մենք կը յուսանք աւելի պայծառ ապագայ կառուցել Հայաստանի եւ մեր համայնքներուն համար»,– աւելցուցած է ան։
Դիմումներու քննարկումէն ետք, ընտրուած 20 մասնակիցները կարելիութիւն կ՚ունենան սերտօրէն համագործակցելու 10 յաջողակ հայ խորհրդատուներու հետ, որոնք պիտի օգնեն մասնակիցներուն: Իւրաքանչիւր խորհրդատու կ՚աշխատի երկու դիմողի հետ՝ օգնելով անոնց աւելի լաւ մշակուած ծրագիր առաջարկել եւ ստեղծել մրցունակ տեսանիւթ՝ նախագծի ընտրութեան վերջին փուլին համար: Այնուհետեւ նախապէս ձեւաւորուած յանձնաժողովը կ՚առաջարկէ, իսկ «Հայաստան 2041»-ի խորհուրդը կ՚ընտրէ շահողները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ստանայ 10.000 տոլար դրամաշնորհ՝ իրագործելու ներկայացուած ծրագիրը»։
Երեւան, 2024 Յուլիս 3
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։