Արամ Յակոբեան եւ Օտրէ Ազուլէ
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Արամ Յակոբեան Յուլիս 10-ին իր հաւատարմագրերը յանձնած է Կազմակերպութեան Ընդհանուր տնօրէն Օտրէ Ազուլէին։
Արարողութեան յաջորդած գլուխ-գլխի զրոյցի ընթացքին կողմերը քննարկած են ԻՒՆԷՍՔՕ-ի եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան առաջնահերթութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր։ Հայաստանի ներկայացուցիչը վերահաստատած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գործադիր խորհուրդին անդամակցութեան շրջանակին մէջ Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններու գործադրման եւ Կազմակերպութեան ծրագրի առաջնահերթութիւններու իրագործման համար շարունակական ջանք գործադրելու պատրաստակամութիւնը։
Անդրադառնալով մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ոլորտին մէջ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի իրագործած նախաձեռնութիւններուն, Արամ Յակոբեան Օտրէ Ազուլէի ուշադրութիւնը հրաւիրած է Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան սպառնացող վտանգներուն վրայ եւ ընդգծած այդ առնչութեամբ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի նախատեսած քայլերու հրատապ բնոյթը։
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Ընդհանուր տնօրէն Օտրէ Ազուլէ ալ իր կարգին շնորհաւորած է նորանշանակ դեսպանը պաշտօնը ստանձնելուն առթիւ եւ մաղթած յաջողութիւն իր առաքելութեան մէջ։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։