«Հօ-տը-Ֆրանս շրջանը վերջերս քուէարկեց 40.000 եւրօ նոր բացառիկ օգնութիւն մը՝ Արցախի հայ բնակչութեան աջակցելու համար:
Այս նախաձեռնութիւնը կ՚ամրապնդէ Հօ-տը-Ֆրանս շրջանի շարունակական յանձնառութիւնը հանդէպ՝ 2021-էն ի վեր հակամարտութենէն տուժած հայերուն»,– նշուած է Շրջանի կայքին վրայ։
Հօ-տը-Ֆրանսի նախագահ Զավիէ Պերթրան ընդգծած է, որ այս քայլին նպատակն է պաշտպանել համընդհանուր սկզբունքները եւ ապահովել միջազգային եւ մարդու իրաւունքներու յարգանքը։ Շրջանը ցայսօր այս նպատակին յատկացուցած է ընդհանուր առմամբ 120 հազար եւրօ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։