Search
Close this search box.

Երեւանի 21-րդ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնի մրցանակակիրները

 

Երեւանի 21-րդ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնի փակման հանդիսութիւնը տեղի ունեցած է Յուլիս 13-ին, Շարժանկարի տան մէջ, ուր դատակազմը յայտարարած է մրցանակակիրներուն անունները։
Երկար ֆիլմերու մրցոյթին «Ոսկէ ծիրան» ստացած է Գարոլին վոն տեր Թաննի «Չիրեթթայի աւետարանը», «Արծաթէ ծիրան»՝ Կութօ Փարենթէի «Տարօրինակ ուղի»-ն։ Յատուկ յիշատակութեան արժանացած է Նիննա Փալմատոթթիրի «Մենութիւն» ֆիլմը։

Տարածաշրջանային մրցոյթին «Ոսկէ ծիրան»-ի արժանացած է Ֆարահ Քասեմի «Մենք ներսն ենք», «Արծաթէ ծիրան»-ի՝ Ֆարահնազ Շարիֆիի «Իմ գողցուած մոլորակը» ֆիլմը։ Յատուկ յիշատակութեան արժանացած է Էմիլի Մկրտչեանի «Լինում է, չի լինում» ֆիլմը։ Վերջինս ստացած է նաեւ Fipresci-ի մրցանակը։

«Կորիզ» կարճ ֆիլմերու մրցոյթին «Ոսկէ ծիրան» ստացած է Հրանդ Վարժապետեանի «Տուն»-ը, «Արծաթէ ծիրան»՝ Աննա Մկրտումեանի «Արմատ»-ը։

Այս տարի «Ոսկէ ծիրան»-ի պատուոյ հիւրերէն էր աշխարհահռչակ իրանցի բեմադիր Ճաֆար Փանահի։ Սա  Փանահիի առաջին փառատօնային այցն էր՝ 14 տարի տնային կալանքէն եւ ազատազրկումէն յետոյ։ Փակման արարողութեան ընթացքին անոր յանձնուած է «Փարաճանովեան թալեր» մրցանակը՝ միջազգային շարժարուեստին իր ներդրումին համար։