Քանի մը շաբաթ առաջ մեր սիւնակներուն մէջ տեղ տուած էինք գերմանաբնակ տոքթ. Սարգիս Ատամի մէկ թղթակցութեան, ուր թեմի նախկին առաջնորդ Գարեգին արք. Պեքճեանին տրուած այցելութեան մը առիթով՝ ան կ՚անդրադառնար անոր անբարենպաստ պայմաններուն, հանգստեան տան մէջ ուր հաստատուած էր։ Տոքթ. Ատամ յոյս կը յայտնէր, որ շուտով աւելի պատշաճ պայմաններով տեղ մը կը փոխադրուի վաստակաշատ նախկին առաջնորդը։ Ներկայիս այդ բարեբաստիկ լուրն է, որ կը ստանանք Գերմանիոյ Հայոց առաջնորդարանէն։
«Այսու կը տեղեկացնենք, որ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի նախկին առաջնորդ, գերաշնորհ տէր Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեան, Յուլիս 15-ին (, ) օդանաւով մեկնած է Կ․ Պոլիս եւ այսուհետեւ բնակութիւն կը հաստատէ Կ․ Պոլսոյ «Սուրբ Փրկիչ» հայկական ազգային հիւանդանոցի հանգստարանի բաժինը՝ իրեն տրամադրուած յարկաբաժնին մէջ ։
Տիւսելտորֆի օդակայանի մէջ Գարեգին Սրբազանին ողջերթ մաղթած են Թեմիս առաջնորդ գերաշնորհ տէր Սերովբէ եպիսկոպոս Իսախանեան, Թեմական խորհուրդի ատենապետ պարոն ՕրհանԲարլիք, Թեմական խորհրդի անդամ եւ Քէօլնի Հայ Համայնքի վարչութեան ատենապետուհի տիկին Շաքէ Զէյնալեան, Հայ Գործարարներու Միութեան (Քէօլն) ատենապետ պարոն Մուրատ Աքիւզ։
ԴԻՒԱՆ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ»
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։